ՕԾՎԵՑ ՊԱԹՈՆ ՌՈՒԺԻ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

ՕԾՎԵՑ ՊԱԹՈՆ ՌՈՒԺԻ ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻՆ 17.06.2006

Մայիս 13 եւ 14 օրերը պատմական օրեր եղան Լուիզիանա Նահանգի Պաթոն Ռուժ քաղաքի եւ շրջակայքի հաւատացեալներուն համար. անոնք յուզումով ու խանդավառութեամբ ականատես եղան երկար տարիներու իրենց երազին իրականացման:

Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան« իր շուրջ ունենալով Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժշ. Տ. Ներսէս Ա. Քհնյ. Ճէպէճեանը« Շիգակոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Առէն Աբղ. Ճէպէճեանը եւ Գանատայէն Հոգշ. Տ. Արարատ Ծ. Վրդ. Գալթաքճեան« Շաբաթ Մայիս 13-ի երեկոյեան աւանդական արարողութեամբ կատարեց Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ դռնբացէքի արարողութիւնը եւ պաշտօնական թափօրով մուտք գործեց Եկեղեցի: Ապա« Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց մկրտարանի օրհնութիւնը: Արարողութենէն ետք` ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ կից գտնուող սրահին մէջ:

Յաջորդ օրը« Կիրակի Մայիս 14« Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց օծումը Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ« Ս. Պատարագ մատոյց եւ տուաւ Բանին Կենաց քարոզը: Արարողութեանց երգեցողութիւնը կատարեց տեղւոյն դպրաց դասը` ղեկավարութեամբ յատկապէս Նիւ Եորքէն հրաւիրուած խմբավար Խորէն Մէյխանէճեանի:

Լուիզիանա Նահանգին մէջ կÿապրին մօտաւորապէս 60 Հայ ընտանիքներ« որոնք եկած են գլխաւորաբար Սուրիայէն եւ Լիբանանէն: 1980 թուականին է որ հաստատուեցաւ համայնքի «միշըն» ծուխը: Տարիներու ընթացքին` ծխականներու ջանքերով եւ անխոնջ աշխատանքով ծուխը սկսաւ կազմակերպուիլ եւ ձեռնարկներու միջոցառումներով իր շուրջ հաւաքել աւելի թիւով անհատներ« որոնք այսօր դարձած են տրատու անդամները Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ:

Եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար« կնքահայր եւ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Գալթաքճեան իր ուրախութիւնը արտայայտելով ըսաւ. «Մեր սեփական եկեղեցին հպարտութեան առիթ պիտի տայ մեր զաւակներուն: Անոնք տեսան թէ մենք որքան ջանք թափեցինք ու երկար ժամեր տրամադրեցին որպէս զի մեր երազը իրականանայ: Մէկ անգամէն չէ որ մեր եկեղեցին առաջ եկաւ: Մենք վստահ ենք որ անոնք պիտի հետեւին մեր օրինակին: Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ օծումով մեր հաւատքը պիտի փոխանցուի մեր յաջորդ սերունդներուն: . . . Հակառակ անոր որ մենք փոքրիկ ծուխ մըն ենք` սակայն եկեղեցին է որ մեզ միացեալ կը պահէ: Ան կը պաշտպանէ մեր ազգութիւնը« մեր լեզուն եւ հաւատքը: Ա°յս է նպատակը որ մենք եկեղեցին կարեւոր նկատեցինք»:

Իսկ Ծխական Խորհուրդի երկար տարիներու նախկին ատենապետ Պօղոս Մութաֆեան ըսաւ. «Սքանչելի երեւոյթ է տեսնել որ համայնքի բոլոր անդամները ներկայ են այսօր: Ասիկա մեր երազն էր: Եկեղեցւոյ օծումով մենք աւելի զօրաւոր ծուխ մը դարձանք: Ժողովուրդը սկսաւ իրարու քով գալ« մեր զաւակները սկսան Հայերէն խօսիլ եւ աւելի սիրել մեր կրօնքը: Անոնք դպրաց դասին մէջ կÿերգեն ու եկեղեցւոյ կը ծառայեն»:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզին բնաբանն էր “Եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ”: Ան ի մէջ այլոց ըսաւ. «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի այս կոչին պատասխանեցին արքունի աւագնիէն սկսեալ մինչեւ պարզ ժողովուրդը« որոնք ձեռք ձեռքի տալով կառուցին Ս. Էջմիածնի Մայր տաճարը: Ուրախ եմ որ Պաթոն Ռուժի այս ծուխն ալ անսալով Ս. Գրիգոր Լուսաորիչի կոչին« ամէն մէկը իր կարողութեան չափով« միացեալ ուժերով եւ հաւատքով կանգնած են այս “լուսոյ խորանը”: . . . Այս ծուխը տիպար օրինակն է նաեւ այն երեւոյթին` թէ ծնողներ Հայ քրիստոնէական ժառանգութիւնը կը փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն»:

Եկեղեցական արարողութենէ ետք տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ« որուն ընթացքին« թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ծուխի գլխաւոր բարերար եւ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Գալթաճեանին յանձնեց Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ Կոնդակն ու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մետալը« իսկ Պօղոս Մութաֆեանին` Հայրապետական Օրհնութեան Կոնդակը: Ապա« Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այս երկու անձերը իրենց ծնողներէն եւ մեծ ծնողներէն սորված են Քրիստոնէութեան կարեւորութիւնը եւ ուժը: Եւ ինչ որ ամենէն կարեւորն է` Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց ունեցած սէրը եւ իրենց հաւատքի բոցը փոխանցած են իրենց զաւակներուն« ծուխի անդամներուն եւ յաջորդ սերունդներուն»:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման առօթքով վերջ գտաւ ճաշկերոյթը: