Հրաւէր ողջախոհութեան ու սթափութեան
Սիրելի հայորդիներ եւ հայրենակիցներ,
Ցաւով կը հետեւինք, այս օրերուն, հայրենի մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, որ առնչուած են մեր եկեղեցական կեանքին: Մտահոգ ենք յառաջացած իրավիճակով:
Հայոց մեր Սուրբ Եկեղեցին մշտապէս եղած է եւ կայ իր ժողովրդի կողքին` ամէնուն բերելով Քրիստոսի սէրն ու մխիթարութիւնը: Որպէս եկեղեցի մեր առաքելութիւնը ալ աւելի կը նուիրագործուի սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, ուր օրէ օր, մեր հայորդիներու օտարացման վտանգը կը մեծնայ:
Մեր առջեւ առկայ խնդիրներու լուծման միակ ճանապարհը միութիւնն ու համազգային միասնականութիւնն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի և Հայոց Հայրապետի շուրջ, երկխօսութիւնը՝ հիմնուած սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան վրայ:
Եւրոպայի Թեմերու առաջնորդներու մեր պատգամն է մեր սիրասուն հայորդիներուն, որ տուրք չտան ծայրայեղականութեան եւ պատեհապաշտութեան, մշտամրմունջ աղօթքով սատարեն մեր երկրին ու մեր Մայր Եկեղեցւոյ: «Ունկնդիր լերուք առաջնորդաց ձերոց, եւ հպատակ կացէք նոցա, զի նոքա տքնին վասն ոգտց ձերոց, որպէս թէ համարս տալոց իցեն ընդ ձեր». (Եբր. ԺԳ. 17):
Վահան Եպիսկոպոս Յովհաննիսեան՝ Առաջնորդ Ֆրանսայի եւ Հայրապետական պատուիրակ Արեւմտեան Եւրոպայի
Տաթեւ Եպիսկոպոս Յակոբական՝ Առաջնորդ Ռումանիոյ
Յովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեան՝ Առաջնորդ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Իռլանդայի
Սերովբէ Վարդապետ Իսախանեան՝ Առաջնորդ Գերմանիոյ
Գուսան Վարդապետ Ալճանեան՝ Զուիցերիոյ Առաջնորդական Տեղապահ
Տիրան Վարդապետ Պետրոսեան՝ Հայրապետական Պատուիրակ Կեդրոնական Եւրոպայի
Խորեն Վարդապետ Առաքելեան՝ Առաջնորդական Տեղապահ Յունաստանի