ԳԵՐՇ. Տ. ՎԻԳԷՆ ԵՊՍ. ԱՅԳԱԶԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ

ԳԵՐՇ. Տ. ՎԻԳԷՆ ԵՊՍ. ԱՅԳԱԶԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ 17.11.2005

 Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդը իր Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի ընթացքին« Նոյեմբեր 10« միաձայնութեամբ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Թեմական Պատուիրակ եւ Միջեկեղեցական Յարաբերութեանց Վարիչ Գերշ. Տ. Վիգէն Եպս. Այգազեանը Խորհուրդի նախագահ ընտրեց:
Նորընտիր նախագահը իր շնորհակալութեան խօսքին մէջ ըսաւ. «Մեծապէս երախտապարտ եմ ինծի վստահուած այս պատեհութեան համար. յոյս ունիմ որ համեստաբար ոչ միայն Հայ Եկեղեցին` այլ բոլոր եկեղեցիներն ու յարանուանութիւնները պիտի ներկայացնեմ: Ուրախառիթ երեւոյթ է որ այս եկեղեցիները վերահասու են թէ Հայ Եկեղեցին իրապէս առաջնորդողի դեր ունի միջեկեղեցական շարժումին մէջ»:
Որպէս ընտրուած նախագահ` Գերշ. Տ. Վիգէն Եպս. Այգազեան իր պաշտօնին պիտի ձեռնարկէ երկու տարի ետք` երբ ներկայ նախագահը Տ. Մայքըլ Լիվինկսթըն պիտի աւարտէ իր շրջանը:
Վիգէն Սրբազանի ընտրութեան անդրադառնալով` Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ըսաւ. «Այս ընտրութիւնը խորհրդանիշն է Ամերիկայի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ գրաւած դիրքին: Ի Քրիստոս մեր եղբայրներն ու քոյրերը գիտեն Հայոց պատմութիւնը եւ գիտեն նաեւ թէ մենք զօրաւոր եւ քրիստոնէական խոր արմատներ ունեցող եկեղեցի մըն ենք: Եւ ահա« մեզի կը վստահին առաջնագոյն ազգային միջեկեղեցական մարմնի մը ապագան»:
Աւելի քան 400 պատգամաւորներ մասնակցեցան Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդի Ժողովին« որ գումարուեցաւ Նոյեմբեր 8-10 օրերուն` Մերիլէնտի Հանթ Վալի շրջանին մէջ: Արեւելեան Թեմը կը ներկայացնէին Գերշ. Տ. Վիգէն Եպս Այգազեան« Ուինվուտի (Փէնսիլվէնիա) Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Հայկազուն Ծ. Վրդ. Նաճարեան« Շիգակոյի (Իլլինոյ) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Առէն Աբղ. Ճէպէճեան եւ Երէցկին Արփի Գուզուեան (Գէյմպրիճի - Մասսաչուսէց – Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցիէն): Իսկ Արեւմտեան Թեմը կը ներկայացնէր Արժշ. Տ. Վարդան Ա. Քհնյ. Գասպարեան:
Պատգամաւորական այս ժողովի ընթացքին« ի մէջ այլոց« ներկայացուեցան Եկեղեցիներու Ազգային Խորհուրդի զանազան բաժանմունքներու եւ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Ծառայութեան (Խորհուրդի միջազգային մարդասիրական օգնութեան կազմակերպութիւն) տեղեկագիրները« որոնք առնչութիւն ունէին Միացեալ Նահանգները հարուածող փոթորիկներու« Փաքիստանի երկրաշարժին եւ Ափրիկէի մէջ յառաջ տարուող օգնութեան աշխատանքներուն:
Ժողովի առաջին երեկոյին` Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու պատգամաւորներ հանդիպում ունեցան եւ խորհրդակցեցան յիշեալ եկեղեցիներ յուզող կարգ մը հարցերու մասին:
Արեւելեան Թեմի Թեմական Պատուիրակ եւ Միջեկեղեցական Յարաբերութեան Վարիչ նշանակուելէն ետք` գլխաւորաբար Գերշ. Տ. Վիգէն Եպս. Այգազեանի եւ նաեւ Թեմական Պատուիրակի Յանձնախումբի ջանքերուն շնորհիւ Հայաստանեայց Եկեղեցին կարեւոր ներկայութիւն մը դարձած է միջեկեղեցական կազմակերպութիւններուն եւ այլ հաստատութիւններու մօտ: Այս առաջնորդութիւնն ու յանձնառութիւնը կը զօրացնէ Հայաստանեայց Եկեղեցին Ամերիկայի միջեկեղեցական եւ քաղաքական համայնքներու մօտ` եւ որմէ մեծ օգուտ կը քաղեն նաեւ Հայաստանն ու Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը:
ԳԵՐՇ. Տ. ՎԻԳԷՆ ԵՍՊ. ԱՅԳԱԶԵԱՆ ծնած է 1951 թուականին Թուքիոյ մէջ: Աւարտած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դպրեվանքի եւ ընծայարանի բաժինները եւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1971 թուականին: Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ Ս. Էջմիածնի մէջ Եպիսկոպոս ձեռնադրաուծ է 1992 թուականին: Պսակաւոր Աստուածաբանութեան աստիճանը ստացած է Լոնտոնի Գինկս Գոլէճէն: Գէնթըրպըրիի Ս. Օկըսթին Գոլէճի մէջ հետեւած է Հովուական Աստուածաբանութեան դասընթացքներու« Զուիցերիոյ Ֆրայպըրկ Կաթոլիկ Համալսարանի տոքթորայի աստիճանի բոլոր պահանջները լրացուցած է: Տոթքորայի այստիճան ստացած է Երեւանի Գիտութիւններու Ակադենիայի Պատմութեան Բաժանմունքէն (1999):
1972-74-ին եղած է «թարգման» Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին: 1974-75-ին` Իսթանպուլի եկեղեցիներուն մէջ քարոզիչ եւ օգնական օրուան Պատրիարք երջանկայիշատակն Տ. Շնորհք. Արք. Գալուստեանի: 1980-92-ին` հովիւ Զուիցերիոյ Հայ Եկեղեցւոյ. այս շրջանին եկեղեցական նոր համայնքներ հաստատած է Ցիւրիխի« Պերնի« Քրիզլինկընի եւ Լուկանոյի մէջ: 1992-96` Առաջնորդ Զուիրեցիոյ Հայ Եկեղեցւոյ Թեմին: 1997-99-ին` տնօրէն Հայց. Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Հայ Օգնութեան Ֆոնտի Երեւանի գրասենեակին: 2000-էն` Թեմական Պատուիրակ եւ Միջեկեղեցական յարաբերութեանց Վարիչ:
1985 թուականէն սկսեալ` Վիգէն Սրբազան անդամակցած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին` վարելով զանազան պաշտօններ եւ ներկայացնելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը:
Կը շնորհաւորենք Գերշ. Տ. Վիգէն Եպս. Այգազեանը` Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդին պատիւ բերող իր այս նոր եւ պատասխանատու պաշտօնին ընտրութեան առիթով:

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Նոյեմբեր 16« 2005
Նիւ Եորք« Ն. Ե.