ՏՈԹՔ. ԶԱՐԵՀ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ
Կիրակի Դեկտեմբեր 3« 2006« Ուոթըրթաունի (Մասսաչուսէց) Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն« որուն աւարտին Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան` Ամենայն Հայոց Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ շնորհուած Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ շքանշանով զարդարեց պոսթոնաբնակ ազգային հասարակական գործիչ Տոթք. Զարեհ Տէմիրճեանի կուրծքը:
Այս արարողութեան ներկայ էին շրջանի հոգեւոր հայրեր« մեծարեալի ընտանեկան պարագաներ« բարեկամներ եւ համակիրներ: Հոգշ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Մագսուտեան կարդաց Հայրապետական Կոնդակը« որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ յանձնուեցաւ Տոքթ. Զարեհ Տէմիրճեանի:
Վեհափառ Հայրապետը կը գրէր. «Ուրախ է Հայրապետիս հոգին« որ հաւատաւոր մեր հայորդիները հետեւում են իրենց սիրելի ծնողաց եկեղեցասէր ու ազգանուէր ընթացքին: . . . Նշանակալի են երկարամեայ Ձեր քաջեռանդն ջանքերը Պոսթոն քաղաքի հայ համայնքում: Դուք արդիւնալի ծառայութիւն էք իրականացրել ՀԲԸ Մութեան կազմում եւ տարիներ շարունակ լծուած էք Հայ Դատի հետպնդման նուիրական գործին: Գնահատարժան է նաեւ Ձեր մշակութային գործունէութիւնը: . . . Յարգելի Տոքթ. Տէմիրճեան« արժանաւոր հայորդուդ հոգու անկեղծ սէրն ու նուիրումը հանդէպ մեր ժողովուրդն ու հայրենին« Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը արդարօրէն ապահովել են հայորդեաց սէրն ու յարգանքը դէպի Ձեր անձը»:
Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Անցնող քառասուն տարիներու ընթացքին« որպէս հասարակական գործիչ« Տոքթ. Տէմիրճեան իր ժողովուրդին ընծայաբերած է թէ բարոյական եւ թէ մշակութային բարիքներ` գլխաւորաբար Պոսթոն քաղաքի մէջ: Ծառայասիրութեան իր նուիրեալ ոգին ան ստացած է իր ծնողներէն եւ ընտանիքէն: Որպէս հանրածանօթ բժիշկ` ան անսակարկ կերպով օգտակար հանդիսացած է թագաւորներէն սկսեալ մինչեւ պարզ ու համեստ անձը: . . . Ան եղած է հայ ընտանիքի տիպար հայրը: Իր ազգային գործունէութեան գլխաւոր աջակից ու գործակից ունեցած է իր ազնիւ տիկինը` Մարկոն« որուն հետ Ամերիկայի այս պայմաններուն մէջ կրցած է կատարեալ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել իր որդւոյն` վիրաբոյժ Տոքթ. Արամին եւ դուստրին` տնտեսագէտ Թալինի:»:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք` ներկաները հրաւիրուեցան Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ սրահը« ուր գործադրուեցաւ յայտագիր մը` հանդիսավարութեան Հոգշ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Մագսուտեանի:
Տոքթ. Տէմիրճեանի դասընկեր Տոքթ. Մարզպետ Մարկոսեան ըսաւ որ Պոսթոնի հայ համայնքին մշակութային կեանքին բերած անոր մասնակցութիւնը օրինակելի է« եւ անդրադարձաւ դպրոցական կեանքի օրերուն:
Տիար Նուպար Տօրեան ծանրացաւ Տոթք. Տէմիրճեանի կեանքի ընթացքին կատարած իրագործումներուն:
Իսկ մեծարեալի որդին` Տոքթ. Արամ Տէմիրճեան« մօր` Մարկոյի եւ քրոջ` Թալինի անունով արտայայտուեցաւ եւ ըսաւ որ իր հայրը իրենց համար «մեծ եւ օրինակելի տիպար» հանդիսացած է: Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով:
ՏՈՔԹ. ԶԱՐԵՀ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Ծնած է Հալէպ եւ իր նախնական, միջնակարգ եւ բարձրագոյն ուսումը ստացած` Պէյրութի մէջ: Զաւակն է Հայց. Եկեղեցւոյ, Ս. Էջմիածնի եւ ՀԲԸ Միութեան անդամ եւ հաւատարիմ ծնողաց: Իր մայրը` Տիկ. Մելինէն` Պէյրութի Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութեան անդամներէն էր, որոնք երջանկայիշատակ Տ. Վազգէն Ա. Վեհափառի օրով եկեղեցական զգեստներով օժտեցին Մայր Աթոռը: Տոքթ. Տէմիրճեանի ազգային, մշակութային եւ բարեսիրական ծառայութիւնները կը տարածուին քառասուն տարիներու վրայ` ի մասնաւորի Պոսթոն քաղաքի հայ համայնքին ծոցին մէջ: Իր երիտասարդական տարիներուն ան երկար ատեն վարած է ՀԲԸ Միութեան Ուոթըրթաունի երիտասարդական մասնաճիւղի ատենապետութիւնը` զարկ տալով մշակութային եւ մարզական ժիր ու աննախընթաց գործունէութեան: Անդամ էր նաեւ ՀԲԸ Միութեան Ամերիկայի Կեդր. Յանձնաժողովին: Տարիներով ան լծուած է Հայ Դատի հետապնդման` որպէս գլխաւոր մղիչ ոյժը երիտասարդներէ կազմուած խումբի մը, որ կը գործէր «Պայքար» օրաթերթի հովանիին ներքեւ: Այդ խումբին անդամ էր նաեւ Հայաստանի այսօրուան Արտաքին Գործոց Նախարարը` Տիար Վարդան Ոսկանեանը: Ան վաստակ ունի նաեւ Պոսթոնի Թէքէեան Մշակ. Միութեան գործունէութեան լայն ծաւալման մէջ: Վերջին մէկ ու կէս տասնամեակին` Տոքթ. Տէմիրճեան կը շարունակէ հովանաւորել մշակութային եւ գրական ձեռնարկներ: Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետին եւ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Հայրապետին Պոսթոն այցելութեանց առիթով` Տոքթ. Տէմիրճեանին յանձնուած էր Ամենայն Հայոց Հայրապետներուն բժշկական խնամք տանելու պարտականութիւնը: Տ.Տ. Վազգէն Վեհափառը երբ Պոսթոն այցելեց 1987 թուականին` Նիւ Ինկլընտի յանձնախումբին ատենապետութիւնը վստահուեցաւ Տոքթ. Տէմիրճեանին, որ հանգամանօրէն վարեց բոլոր ժողովները եւ վերատեսեց եղած կարգադրութիւնները: Ան օգտակար հանդիսացած է բազմաթիւ հայ հոգեւորականներու եւ ազգակիցներու` բժշկական խնամք եւ կամ խորհուրդ տալով անոնց, եւ մանաւանդ` նորեկներու համար բարեխօսելով որ աշխատանք գտնեն:
Տոքթ. Տէմիրճեան իր ընտանեկան աւանդութեան հետեւելով` ջերմ պաշտպանն է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի: Որպէս արեան մասնագէտ` ան միջազգային վարկ կը վայելէ եւ խնամած է յայտնի քաղաքական դէմքեր` Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ այլուրեք: