ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Վշտով լեցուած ենք ի լուր այն գրգռութիւններուն, որոնք Համբարձման տօնին օրը սուրբ պատարագի ընթացքին տեղի ունեցած են Նիսի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրբազան երդիքին տակ։

Ծխական Խորհուրդի նախկին անդամ մը, շրջապատուած 10-15 համակիրներով, որոշ հաւատացեալներու կիրքերը բորբոքելու միտումով նեղութիւն տալու ճիգ գործադրած է, եւ իր համախոհներէն մէկը մինչեւ անգամ փորձած է նկարահանման գործիքով այդ տեսարանը նկարել, գուցէ փաստաթուղթ մը ձեռք ձգելու նպատակով։ Բարեբախտաբար հաւատացեալները արթուն գտնուած են եւ իրենց պաղարիւնութիւնը չեն կորսնցուցած։ Պատարագիչ հայր սուրբը ի տես պարզուած այս երեւոյթին, ի կարգ հրաւիրած է, յորդորելով որ աղօթական վիճակի մէջ մտնեն բոլորն ալ, այլապէս պարտաւորուած պիտի ըլլայ սուրբ պատարագը չշարունակելու։ Հակառակ իր սիրալիր յորդորներուն, անյարգալից եւ արհամարհական վերաբերմունքով դիմաւորուած է իր խնդրանքը վերոյիշեալ անձին կողմէ, եւ այդ պատճառով պատարագը ընդհատուած է շուրջ մէկ ժամով։

Կոչ կ՚ընենք Նիսի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներուն որ շարունակեն մնալ կարգապահ եւ հաւատարիմ հաւատացեալներ, ներքին խռովութեանց վերջ տան, իրենց խոհական կեցուածքով ու իմաստուն գործերով առաւել նպաստեն մեր սուրբ եկեղեցւոյ ներքին խաղաղութեան եւ բարեպաշտական միասնութեան։

Աւետարանական սիրոյ եւ եկեղեցական միասնութեան ճանապարհը միայն կրնայ մեր եկեղեցւոյ զաւակները առաջնորդել դէպի փրկութիւն եւ խաղաղութիւն։

Փարիզ, 3 Յունիս 2011
Դիւան
Առաջնորդարանի