Իտալիոյ Հայոց Հովուութիւն.Ի ՅԱՐԳԱՆՍ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ

 

Երեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2007-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 92-ամեակին առիթով, առաջնորդութեամբ Իտալահայոց հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Տ. Առէն վրդ. Շահենեանի, Միլանի նշանաւոր Ս. Ամբրոսիոս հնամենի մայր տաճարի մէջ մեծաշուք հանդիսաւորութեամբ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ Պատարագ, ի յիշատակ Ապրիլեան նահատակաց մերոց որք կատարեցան յընթացս համաշխարհային Առաջին պատերազմին ծրագրեալ մեծ եղեռնի, այլ եւ Արցախեան գոյամարտին: Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբան Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ աբղ. Վահունին:

Պատարագի սրբազան արարողութեան ներկայ էին Կարտինալ Տիոնիճի ԹեԹէմանսի ներկայացուցիչը, Միլանի քաղաքապետի ներկայացուցիչը, տեղի Քոյր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, Միլանի Եկեղեցական Խորհրդի անդամները, Միլանի մէջ հաստատուած Էկումենիկ Կենտրոնի ներկայացուցիչները, Իտալիոյ Հայոց Հովուութեան ազգային-եկեղեցական հոգաբարձության անդամները, Իտալիոյ Հայոց Միութենական վարչութիւններու ներկայացուցիչները, տեղաբնակ բազում հայորդիներ, ինչպես նաեւ՝ իտալացիներ:

Իր պատգամին մէջ պատարագիչ հայր սուրբը կարեւորութեամբ կընդգծէր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, շեշտեց նաեւ, որ "Մեծ Եղեռնի նահատակներուն նուիրուած յարգանքի այս յուշատօնին, մենք ոչ միայն մեր խոր յարգանքն է, որ կը մատուցանենք մեր անշիրիմ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, այլ մենք իրենց նահատակութեան ճանապարհի ընդմէջէն պատքամ ունինք ըսելու համայն աշխարհին, որ Ապրիլ 24-ի նահատակաց մշտախօս պատուիրանը նոր սերունդին համար պէտք է ըլլայ չափանիշ զոհաբերութեան, հատկանիշ հայրենասիրութեան, տուրք յարքանաց հանդէպ մարդկային կեանքի բարոյական արժէքներուն եւ յանձնառութիւն Հայ ժողովուրդի իրաւանց հետապնդման մինչեւ ի կատարումն արդարութեան":

Հայր սուրբի քարոզէն ետք խօսք առաւ Հոգեշնորհ Տ. Ֆրանքոյ Պոթթոնի միլանոյի Էկումենըք գրասենակի տնօրէնը որն իր խօսքը աւարտեց ըսելով. "Այսպիսով, 1915 թուականին կատարուած ողբերգութիւնը Հայ ժողովուրդի դէմ կը համարենք որպէս քրիստոնէական ցեղասպանութիւն, վկայութիւն, որ քրիստոնէական հաւատքը ունի մարտիրոսութեան սուրբ կնիքը":

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի ներկայ բազմութիւնը, թափոր կազմած, մոմերով եւ ծաղիկներով ուղղուեցան դէպի նոյն եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ զետեղուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան բիւրաւոր նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթող-խաչքարը, որտեղ Միլանի հայոց Ս. Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյ (Նորահրաշ) երգչախումբը, գլխաւորութեամբ Տիար Ժան Անսրլեանի, հնչեցուց «Անոնց համար, որ ինկանե երգը (խօսք՝ Վահան Թեքեեանի):

Արարողութիւնը աւարտին հասաւ Տերունական "Հայր Մեր" աղօթքով:

Յաւիտենական հանգիստ հոգւոցն նահատակաց մերոց որք կատարեցան յընթացս Համաշխարհային Առաջին պատերազմի եւ Արցախեան գոյամարտի վասն մէկ. Անբաժան ու անբաժանելի, Միացեալ Հայաստանի: