ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆԻ

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆԻ 23.03.2012
ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆԻ

Աշխատանքային պաշտօնական այցով Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի Հայաստանի Հարապետութեան պաշտպանութեան նախարար Պրն. Սէյրան Օհանեան եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ան Ամերիկայի կարգ մը քաղաքներու մէջ կ’ունենայ հանդիպումներ զանազան պետական շրջանակներու պատասխանատու անձնաւորութիւններու հետ եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ իր գործընկերոջ` Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Տիաr Լիոն Փանեթթայի հետ:
Նախարար Օհանեան հայկական համայնքի ներկայացուցիչներու հետ եւս ունեցաւ քանի մը հանդիպումներ, որոնց գլխաւորը եղաւ Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանէն նէրս, Նիւ Եորք: Հրաւէրովը Ամերիկայի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, Մարտ 21, 2012, Չորեքշաբթի օր հիւրասիրուեցան Նախարար Սեյրան Օհանեան եւ իր Տիկինը` Ռուզաննան, ինչպէս նաեւ` հայրենի պատուիրակութեան անդամները: Այդ պատուիրակութեան մաս մը կը կազմէ նաեւ նախարարին առաջին տեղակալը Տիար Դաւիթ Տոնոյեանը: Ներկայ էին ՄԱԿ ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն  եւ լիազօր դեսպան Տիար Կարէն Նազարեան եւ իր Տիկինըª Նանա«  դեսպանատան անձնակազմի կարգ մը դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ` Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան զինուորական կցորդ Գնդ. Մեսրոպ Նազարեան:
Հրաւիրաեալներու մէջ ներկայ էին Թեմական Խորհուրդի անդամներէն ատենապետ Տիար Ասկըր Թադոսեան, գանձապահ Տիար Բաբգէն Մկրեան եւ անդամ Տոքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան: Ներկայ էին նաեւ Հայ Օգնութեան Ֆոնտի պատասխանատուներ` Տոքթ. Էտկար Յովսէփեան, Տոքթ. Յովհաննէս Ներսէսեան եւ ՀՕՖի վարիչ-տնօրէն Տիար Գառնիկ Նանակիւլեան: Հարաւիրուած էին նաեւ շրջանի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները£
Պատուիրակութեան անդամները նախքան հիւրասիրութիւնը այցելեցին Ս. Վարդան Մայր Տաճար, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տուաւ բացատրութիւններ եկեղեցւոյ շինարարութեան եւ սրբապակերներու մասին, եւ արտասանուած տէրունական աղօթքէն ետք հրաւիրեալները բարձրացան Առաջնորդարանի դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթը:

Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան բացման խօսքով ողջունեց ներկայութիւնը Նախարար Սէրան Օհանեանի եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներունª եւ ըսաւ. ՙԲոլորիս համար մեծ ուրախութիւն եւ հրճուանք է ողջունել ձեր վերադարձը Նիւ Եորք քաղաքª Ս. Վարդան Մայր Տաճար եւ Հայ Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանի այս կեդրոնը£ Կը շեշտեմ ձեր վերադարձըª որովհետեւ  ամերիկահայ գաղութի յարգելի եւ սիրելի ղեկավարներուն հետ կը յիշենք 18 տարիներ առաջ ձեր առաջին այցելութիւնը Նիւ Եորք քաղաք« Ս. Վարդան Մայր Տաճար եւ Առաջնորդարանի այս կեդրոնը« ինչպէս նաեւ թէ° յուզումով եւ թէ° ուրախութեամբ կը վերյիշենք որ դուքª ձեր ներկայութեամբ մեզ յուսադրեցիք« որովհետեւ Արցախի ազատագրութեան պայքարի յաղթանակի այդ օրերունª ձեր ներկայութեամբ մեզի բերիք ձեր եւ ձեր զինակից հայրենի մեր մարտիկներուն ոգին« եւ այդ ոգիով մենք խանդավառուեցանք£՚ Ապա« Սրբազան Հայրը արտայայտուեցաւ Տիար Նախարարի անձին եւ իր ստանձնած պատասխանատրու առաքելութեան մասին եւ իր խօսքը աւարտեց ըսելով. ՙՀայրենի եւ սփիւռքի հայերս բախտաւոր ենք որ այսօր կը տօնախմբենք մեր ազատ ու անկախ Հայրենիքի 20-րդ դարեդարձի իրականութիւնը£ Այս իրականութիւնը մեր պապերուն երազն էր. անոնք չտեսան այդ երազին իրականացումը« բայց մենքª իրենց հետեւորդները բախտը եւ երջանկութիւնը ունինք այսօր վայելելու այդ իրականացած երազը£ Փառք կու տանք Աստուծոյ որ անցնող 20 տարիներու ընթացքին մեր Մայր Հայերնիքն ու Արցախը դիմագրաւելով հանդերձ բազմաթիւ դժուարութիւններ եւ պայքարներª մեծ յաղթանակներ արձանագրեցին£ Ձեզի նման ղեկավարներ եւ հայրենի նուիրեալ զաւակներ մեզ բոլորս այն վստահութեամբ կը գօտեպնդեն որ ճիշդ ուղին ընտրած ենք եւ պիտի շարունակենք նորանոր յաղթանակներ արձանագրել£ 
 Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է ձեզ« ձեր ազնիւ Տիկինըª Ռուզանան եւ ձեր պատուիրակութեան անդամները այս ազգային տունին մէջ ողջունելը£ Ես կ’աղօթեմ որ Աստուած ձեզ բոլորդ առողջ պահէ  հոգեպէս եւ մարմնապէսª որպէս զի դուք շարունակէք պաշտպանել մեր Մայր Հայրենիքն ու մեր հայկական ինքնութիւնը£՚
Ապա« Սրբազան Հայրը  բաժակ առաջարկելէ ետք Հայաստանի ու Ղարաբաղի անպարտելի հայ զինուորներուն կենացը« Տիար Նախարարին եւ իր Տիկնոջ յանձնեց ոսկեայ հայկական խաչերª պատրաստուած ծանօթ ոսկերիչ Հրանդ Կիւլեանի կողմէ£
Խօսք առաւ Դեսպան Կարէն Նազարեան, որ նշեց Տիար  Նախարարին այցին կարեւորութիւնըª սկսելով Քանսաս Նահանգէն, ապաէ ՄԱԿի զանազան յանձնախումբերու եւ Գլխաւոր Քարտուղարի տեղակալի հետ հանդիպումներուն եւ յաջորդող օրերու  Ուաշինկթընի մէջ ունենալիք հանդիպումներու նշանակութիւնը, մանաւանդ ռազմական հարցերու հետ կապուած համագործակցութեան հարցերով: Ի մէջ այլոց ըսաւ. ՙ Ես ուրախ եմ դուք առիթը ունեցաք այսօր եւ վաղը քննարկելու ՄԱԿի խաղաղապահ գործողութիւններուն  մեր ներգրաւածութեան ընդլայմնան հնարաւորութիւնները£ Ո±վ կարող էր ենթադրել որ 1992 թուականին ֆիտայինական ջոկացներէն կազմաւորուած բանակը այսօր Նիւ Եորքի մէջ կը քննարկէ ՄԱԿի խաղաղապահ գործութիւններուն մեր յետագայ մասնակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները£ Այդ առումով եսկը մաղթեմ ձեզի  եւ ձեր պատուիրակութեան յաջող առաքելութիւն եւ այս առիթով կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել նաեւ Սրբազան Հօր եւ Թեմական Խորհուրդինª որ այս գեղեցիկ եւ մտերմիկ հաւաքոյթը կազմակերպեցին£ Բարի եկաք Նիւ Եորք եւ լաւագոյն մաղթանքներ£՚

Այնուհետեւ Տիար Դեսպանը յայտարարեց որ Ապրիլ 28ին համայնքը կը պատրաստուի մեծ շուքով նշելու Հայոց Ազգային Բանակի 20-րդ տարեդարձը Նիւ Եորքի մէջ, նախաձեռնութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան:
Նախարար Սեյրան Օհանեան իր շնորհակալութեան խօսքին մէջ ըսաւ. ՙԵս կ’ուզեմ իմ եւ իմ պատուիրակութեան անդամներունª պաշտպանութեան Նախարարի առաջին տեղակալի եւ մեր գործընկերներուն անունով շնմորհակալութիւն յայտնել մեր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին այս հնարաւորութեան ընձեռնման համար£ Պարոն Դեսպանի եւ Սրբազան Հօր նախաձեռնութեամբ այս սրբավայրի հովանիին ներքեւ մենք հնարաւորութիւն ունինք այսօր հանդիպելու եւ յիշելու այն ոչ հեռու անցեալը« երբ սկսաւ Հայ ժողովուրդի նոր պատմութիւնը եւ նաեւ մտածելու Հայ ժողովուրդի ապագայի մասին£ Այս առումով առաջին հերթին որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի« որպէս հայ« ես կը յիշեմ 1994 թուականը« երբ կը գտնուէի այստեղ որպէս պարզ զինուորական եւ ծանօթացայ հայկական լայն շրջանակի հետª զոր յետագային իմ ամբողջ կեանքի ընթացքին յարգեցի ու սիրեցի« մանաւանդ այն ընտանիքները որոնց հետ ես առնչուած եմª Առաջնորդ Սրբազանին« Հրանդին եւ Ռուպիի ընտանիքըª  ուր երկու ամիս մնացած եմ« ինչպէս նաեւ Վազգէն եւ Սօսի Սեդրակեան ընտանիքը«  ուր ժամանակ առ ժամանակ գիշերած եմ £ Անոնք զիս հիւրասիրած են եւ ես երախտապարտ եմ անոնց« ինչպէս նաեւ անոնցª որոնք այս 20 տարիներու ընթացքին մշտապէս աջակից եղած  են Հայաստանին եւ Հայ ժողովուրդին£՚ Ապա արտայայտուեցաւ Ղարաբաղեան շարժումին եւ սփիւռքահայութեան բերած նիւթական եւ բարոյական նպաստին« ինչպէս նաեւ Հայաստանի անկախութեան մասինª վեր առնելով Հայ ժողովուրդին յանձն առած զոհաբերութիւնն ու ցուցաբերած նուիրումը£ Արտայայտուեցաւ նաեւ հայկական բանակին եւ անոր տարած յաղթանակներուն մասին£ ՙՄենքª որպէս հինաւուրց ազգ« պետութիւն եւ այդքան չարչարանքներ արժանապատիւ կերպով տարինք մեր ուսերուն վրայ եւ կը փորձենք համահաւասար քալել աշխարհի բոլոր հզօր պետութիւններու եւ հզօր ազգերու շարքին. որովհետեւ մենք ալ հզօր ազգ ենք£ ... Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ շատ դասեր քաղած ենք մեր անցած ճանապարհէն. արժէւորած ենք ամենալաւագոյնը ինչ որ ունեցած ենք մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին. ինչպէս Հայ ժողովուրդի ուժը« զինուորական ուժը« Հայոց Եկեղեցին իր հոգեւոր աւելի հզօր ուժով«մեր մշակոյթը« մեր պատմութեան ու արուեստի ամենէն լաւ ու վառ դրուագները« որոնց շնորհիւ մենք այսօր նաեւ քաղաքակիրթ աշխարհին կը ներկայանանք որպէս քաղաքակիրթ եւ վողովրդավար երկիր£ . . . Իմ շնորհակալութեան խօսքերուն հետ մէկտեղ կ’ուզեմ կենաց առաջարկել Հայաստանի Հանրապետութեան« կենաց առաջարկել Հայաստանի Հանրապետութեան ամենակարեւոր խորհրդանիշներունª Նախագահին« Հայոց դրօշակին« Հայոց օրհներգին« Հայոց հոգեւոր ուժին« Հայոց եկեղեցիին եւ նաեւ Հայոց ճիշդ դիւանագիտութեանª որուն շնորհիւ հեռուէն եկող այսօրուան սպառնալիքները կը չէզոքանան՚ ըսաւ Տիար Նախարարը վերջացնելով իր խօսքը£ 
Իր խօսքի աւարտինª Նախարար Սեյրան Օհանեան Հայաստանի զինեալ ուժերու խորհրդանիշը ներկայացնող յուշամետալ մը յանձնեց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին:
Հիւրասիրութեան աւարտին ՏիարՆախարարը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն£
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Մարտ 22« 2012
Նիւ Եորք« Ն.Ե.

Լուսանկարներ
Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարար Տիար Սէյրան Օհանեան եւ իր Տիկինըª Ռուզաննա մոմ կը վառեն Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ
Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ աղօթքի պահուն
Տիար Նախարարը Առաջնորդ Սրբազան Հօր կը յանձնէ Հայաստանի զինեալ ուժերու խորհրդանիշը ներկայացնող յուշամետալը