ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ ԱՐԺ. Տ. ԱՐՏԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՇՃԵԱՆԻ
"An Armenian Monk's Ministry on Two Continents"
գիրքի հրատարակութեան առիթովԸնդառաջելով Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հրաւէրին« Երեքշաբթի Նոյեմբեր 14-ի երեկոյեան« աւելի քան 60 գրասէրներ Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ներկայ գտնուեցան ընդունելութեան մը` ի պատիւ Հայ Եկեղեցւոյ երիցագոյն հոգեւորականներէն Արժշ. Տ. Արտէն Ա. Քհնյ. Աշճեանի`
"An Armenian Monk’s Ministry on Two Continents – The Story of Archbishop Hovsep Sarajian" գիրքի լոյս ընծայման առիթով:Հոգելոյս Հովսէփ Արք. Սարաճեան առաջին հովիւը եւ առաջին Առաջնորդը եղած է Ամերիկայի նորակազմ Հայց. Եկեղեցւոյ: Անոր հովուութեան շրջանին է որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս երջանկայիշատակ Խրիմեան Հայրիկ Առաջնորդական Թեմ հռչակեց Ամերիկայի Թեմը (1898 թուականին):
Արժշ. Տ. Արտէն Ա. Քհնյ. Աշճեան նախապէս հրատարակած է երկասիրութիւններ Ամերիկայի Հայց. Եկեղեցւոյ պատմութեան մասին. մէկը 1949 թուականին` «Վիճակացոյց եւ Պատմութիւն Առաջնորդական Թեմին Հայոց Ամերիկայի»« եւ միւսը 1989 թուականին` "
The Torch Was Passed – The Centennial History of the Armenin Church of America"` Ամերիկայի Հայց. Եկեղեցւոյ հաստատման 100-ամեակին առիթով: Երկու գիրքերուն մէջ ալ ան անդրադարձած է Սարաճեան Արքեպիսկոսին մասին« սակայն իր այս վերջին գիրքով աւելի մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ Ամերիկայի առաջին հոգեւոր Առաջնորդին մասին եւ աւելի լուրջ պրպտումներ ընելով նոր մանրամասնութիւններ եւ լուսաբանութիւններ կու տայ հայ հոգեւորականի կեանքին ու գործունէութեան մասին:Օրուան հանդիսութեան բացումը կատարեց Ուայթ Փլէյնզի (Նիւ Եորք) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժշ. Տ. Գարեգին Ա. Քհնյ. Գասպարեան: Ան մօտէն ծանօթ ըլլալով Տէր Արտէնին` անձնական յուշեր պատմեց եւ զայն ներկայացուց որպէս բծախնդիր եւ մանրամասնութիւններուն կարեւորութիւն ընծայող երկասիրող մը: Ապա« անդրադարձաւ գիրքի բովանդակութեան եւ ըրաւ այնպիսի մէջբերումներ` որոնք նորութիւն էին եւ առաջին անգամ ըլլալով գիրքի մը մէջ կը հրատարակուէին` շնորհիւ հեղինակի անխոնջ ու յարատեւ պրպտումներուն եւ ուսումնասիրութիւններուն: Ներկայացուց Տէր Արտէնի օգտագործած աղբիւրները եւ բովանդակութեան ցանկը: Ապա« հրաւիրեց Արժշ. Տ. Արտէն Ա. Քհնյ. Աշճեանը` որպէս զի իր խօսքը ըսէ:
Տէր Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր` Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին` որ կազմակերպած էր այս ընդունելութիւնը: Ըսաւ որ իր այս երկասիրութիւնը ոեւէ անձի մը կողմէ եղած յանձնարարութեան մը պտուղը չէ« այլ իր անձնական հետաքրքրութեան գոհացում տուող աշխատանք մը« զոր ծրագրած էր տարիներ առաջ: Ան պատմեց թէ իր կատարած պրպտումները դիւրին ընթացք չեն ունեցած: Ան ստիպուած է մէկ ամիսով այցելել Երուսաղէմ` Կիւլպէնկեան մատենադարանին մէջ ուսումնասիրութիւն կատարելու համար« դիմել զանազան հոգեւորականներու եւ անձերու Սարաճեան Արքեպիսկոպոսի գործունէութեանց մասին յաւելեալ եւ ճշգրիտ տեղեկութիւններ քաղելու համար: 1949 թուականին իր պատրաստած ուսումնասիրութեան մէջ« կարգ մը լրագիրներէն քաղելով« գրած էր որ Յովսէփ Արք. Սարաճեան իր հոգեւոր-աստուածաբանական կրթութիւնը ստացած եւ ձեռնադրուած էր Երուսաղէմի մէջ. սակայն իր հետեւողական փնտռտուքները ի յայտ բերած են որ ան իր կրօնական ուսումը ստացած եւ ձեռնադրուած է Մուշի մէջ: Իր խօսքի վերջաւորութեան Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի« Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռի Պատրիարք Ամեն. Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանի« Կ. Պոլսոյ Աթոռի Պատրիարք Ամեն Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի« Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի« կարգ մը ազգայիններու` որոնք օգտակար հանդիսացած են իրեն« եւ յիշեց այն մատենադարանները` ուր ուսումնասիրութիւններ կատարած է: Յիշեց նաեւ իր երկու հոգեւոր ծնողաց անունները` հոգելոյս Տ. Տիրան Արք. Ներսոյեան« որ իր տեսուչը եղած է Երուսաղէմի Ընծայարանին մէջ եւ տարիներ ետք զինք Ամերիկա հրաւիրած եւ քահանայ ձեռնադրած է« ինչպէս նաեւ հոգելոյս Տ. Զգօն Եպս. Տէր Յակոբեանը` որ իր փոխ տեսուչը եղած է Երուսաղէմի Ընծայարանին մէջ:
Փակման խօսքը կատարեց Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան` շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն որ ընդառաջելով իր հրաւէրին եկած են միասնաբար տօնախմբելու Արժշ. Տ. Արտէն Ա. Քհնյ. Աշճեանի նոր երկասիրութեան լոյս ընծայումը. շնորհաւորեց եւ մեծապէս գնահատեց Տէր Հայրը Ամերիկայի Հայց. Եկեղեցւոյ պատմութեան մասին իր նոր գիրքի հրատարակութեան առիթով. «. . . այս գիրքը մեծապէս օգտակար պիտի հանդիսանայ մեր Թեմի պատմութեամբ հետաքրքրուողներուն եւ մանաւանդ նոր սերունդին` որ պիտի ծանօթանայ թէ ինչպէս սկիզբ առած է Ամերիկայի Հայց. Եկեղեցին: . . . տարիներու ընթացքին Ամերիկայի Թեմը բարգաւաճած ու աւելի կազմակերպուած է. մէկ եկեղեցին հարիւրապատկուած է« եւ այսօր Ամերիկայի տարածքին կան աւելի քան 150 եկեղեցիներ« եւ տակաւին կը շարունակուի նոր եկեղեցիներու կառուցումը»« ըսաւ Սրբազան Հայրը:
Սեղանի օրհնութենէն ետք` տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւնը« որուն ընթացքին շատերը գնեցին տրամադրելի գիրքերը եւ մակագրել տուին հեղինակին:
"An Armenian Monk’s Ministry on Two Continents – The Story of Archbishop Hovsep Sarajian" գիրքը հրատարակութիւնն է Ս. Վարդան Մատենաշարի «Զգօն Եպս. Տէր Յակոբեան Հիմնադրամ»ի« տպուած` հրամանաւը Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի: Գիրքի խմբագիրն է Քրիստափոր Զաքեան: Այս գիրքէն կարելի է օրինակներ ապահովել Առաջնորդարանի Ս. Վարդան Գրատունէն:Արժշ. Տ. Արտէն Ա. Քհնյ. Աշճեան
Աւազանի անունով Անդրանիկ` ծնած է Հալէպ (Սուրիա) Նոյեմբեր 21« 1919 թուականին: Ծնողները` Աւետիս եւ Մարիամ Աշճեան: Քահանայ ձեռնադրուած է ձեռամբ Տ. Տիրան Արք. Ներսոյեանի Նիւ Եորքի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ` Մարտ 14« 1949 թուականին: Յուլիս 23« 1950-ին ամունսնացած է Մարիամ Յարութեանի հետ: Հոգեւոր-աստուածաբանական ուսումը ստացած է Երուսաղէմի Ընծայարանին մէջ եւ շրջանաւարտ եղած 1941 թուականին: 1947-1950 յաճախած է General Theological Seminary եւ ստացած Աստուածաբանութեան Մագիստրոսի աստիճան (1950): 1951-1961 յաճախած է
Harvard University, School of Divinity եւ անկէ եւս ստացած է Աստուածաբանութեան Մագիստորսի աստիճան: Ան հովուութեան պաշտօններ վարած է հետեւեալ եկեղեցիներու ծուխերուն մէջ. Ս. Խաչ` Նիւ Եորք – Սրբոց Ղեւոնդեանց` Ֆէրլոն – Ս. Երրորդութիւն` Ֆիլատելֆիա - Ս. Յակոբ` Ուոթըրթաուն - Ս. Յովհաննէս` Սան Ֆրանսիսգօ - Ս. Մեսրոպ` Ռէյսին:Ան եղած է Լուսարարապետ Ս. Վարդան Մայր Տաճարի (1982-1988)« Առաջնորդարանի Միջեկեղեցական Յարաբերութեանց վարիչ (1978-1988)« Արեւմտեան Թեմի Թեմական Խորհուրդի անդամ (1969-1972)« Արեւելեան Թեմի Թեմական Խորհուրդի անդամ (1955-1957« 1967-1969« 1987-1990): Տնօրէն Ժողովի անդամ` Հայկական Ուսմանց եւ Ուսումնասիրութեան Ազգային Ընկերակացութեան եւ Ս. Ներսէս Ընծայարանի:
Իր հովուական պաշտօնին առընթեր ան բազմաթիւ յօդուածներ գրած է թերթերու եւ հանդէսներու մէջ« հեղինակած է գիրքեր« եղած է դասախօս ընծայարաններու մէջ« կատարած է թարգմանութիւններ« կազմակերպած է սարկաւագներու պատրաստութեան յայտագիրներ« հսկած է նորընծայ եկեղեցականներու քառասունքի շրջանի պարապմունքներուն« պատրաստած է Առաջնորդարանի տարեկան օրացոյցներու Ս. Գրական ընթերցումներու ցանկը եւ ամսական տօները« թարգմանած է բազմաթիւ պաշտօնաթուղթեր` ստացուած Մեծ Եղեռնի զոհերու հարազատներէն« թարգմանի դեր կատարած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա. Հայրապետի ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եկած պաշտօնական անձնաւորութիւններու Ամերիկա այցելութեանց առիթով:
Հակառակ անոր որ տարիքի բերումով այժմ հանգստեան կոչուած է« սակայն Տէր Արտէն կը շարունակէ կրօնական արարողութիւններ կատարել եւ Ս. Պատարագ մատուցանել ու քարոզել կարգ մը եկեղեցիներու մէջ: