Զատկական Ս. Պատարագ եւ Հոգեհանգիստ ի հիշատակ Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերու ի Ցյուրիխ
Ապրիլի 24-ին, Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով Ցյուրիխի Տիւպէնտօրֆ գիւղաքաղաքի Հռովմէական Ս.Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հայածէս Ս. Պատարագ իսկ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Հայոց Ցեղասպանութեան 96.ամեակի անմեղ զոհերի յիշատակին:
Զատկական Սուրբ Պատարագը մատոյց Զուիցերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ եւ Ժնևի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ նորանշանակ Տ. Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեանը, առընթերակայ ունենալով Ցյուրիխի Հոգեւոր Հովիւ Տ. Շնորհք Քահանայ Չէքիճեանը իսկ Ս. Սեղանին սպասարկեցին ուրարակիր դպիրներ ու դպիրներ:
Տաղաւարի սոյն Պատարագին ներկայ էին Ցյուրիխի ու Նէօշաթէլի Եկեղեցական Խորհուրդի անդամները գլխաւորութեամբ Ատենապետեր Տիարք Վռամշապուհ Թերզիեանի ու Ալէն Ուկնատի: Այս տարուան Զատկական Ս. Պատարագը աննախընթաց էր իր աւելի քան երկու հարիւր հայ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, որոնք պիտի ծանօթանային ու Բարի Գալուստ մաղթէին Զուիցերիոյ Թեմի իրենց նորանշանակ Առաջնորդական Տեղապահ Հայր Սուրբին յանձին Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեանի:
Սուրբ Պատարագի աւարտին Հայր Սուրբը ներկաներուն փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութիւնն ու Ս. Յարութեան Տօնի պատգամը որմէ յետոյ կատարուեցաւ նաեւ Հոգեհանգստեան յատուկ կարգ ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն: