Երուսաղեմի Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը
Երուսաղեմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի 19-րդ Նիստը գումարուեցաւ 15էն 18 Նոյեմբեր 2010 օրերուն, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ` Ամենապատիվ Պատրիարք Սրբազան Հօր` Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանի եւ մասնակցութեամբ` 28 միաբան հայրերու:
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին Բ. Ատենապետ ընտրուեցաւ Ամերիկայի Արեւելյան Թեմի առաջնորդ` Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ ձեռնահասութեամբ վարեց Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը:
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին ներկայացուեցաւ 2010 թուականի հաշուետուութիւնը եւ 2011 թուականի նախահաշիվը: Միաբան հայրեր բծախնդրօրեն քննարկեցին ներկայացուած հաշուետուութիւնը եւ բացարձակ մեծամասնութեամբ ընդունեցին եւ 2011 թուականի նախահաշիւը վաւերացուցին:
Տնօրեն Ժողովը 2009-2010 տարեշրջանին ունեցած է 40 հերթական նիստեր, որոնց ընթացքին քննարկուած են կրթական, կալուածական, տնտեսական, Սուրբ Տեղեաց, Յարաբերական, Միջ-Եկեղեցական, Վիճակային Տեսչութիւններու եւ այլ հարցեր, որոնց տեղեկագիրը Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը արձանագրեց, եւ բացարձակ մեծամասնութեամբ եւ գնահատանքով ընդունեց:
Ժողովի ընթացքին, նկատի առնուեցան Միաբանութիւնը հետաքրքրող զանազան հարցեր եւ առաջարկներ` կալուածական, տնտեսական, կանոնադրական, ինչպես նաեւ տեղի ունեցաւ Տնօրեն Ժողովի դադարեալ մասնակի անդամոց ընտրութիւն:
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը ունկնդրեց տեղեկատուութիւններ եւ լուսաբանութիւններ` առնչուած Եաֆայի Սուրբ Նիկողայոս Վանքի, Ռամլէի Սուրբ Գէորգ Վանքի, Երուսաղեմի Սուրբ Հրեշտակապետաց Վանքի, Բեթղեհէմի Հայոց Վանքէն ներս գտնուող` Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ եւ Սրբոց Թարգմանչաց, Վարժարանի հիմնական նորոգութեանց նուաճումներուն մասին: Վանքի փաստաբան` Տիար Եօսսի Ավների բացատրեց եւ լուսաբանեց կալուածական զանազան հարցեր, որոնք առնչութիւն ունէին Նոր Երուսաղէմի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հետ, եւ փարատեց այն բոլոր մտահոգութիւնները որ միաբան հայրերը ունէին: Նոր Երուսաղէմի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ գոյավիճակը կը մնայ անփոփոխ` Հայոց Պատրիարքարանի իրավասութեան ներքեւ:
Կալուածոց Տեսուչ` Հոգեշ. Տ. Բագրատ Վրդ. Պուրճէքեան տեղեկացուց Պատրիարքարանի Կալուածոց Բաժնի տեղեկատուութիւնը եւ պատասխանեց բոլոր Միաբան Հայերու կողմէ եղած հարցերուն: Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը գնահատանքով ընդունեց Կալուածոց Տեսչի բացատրութիւնները:
Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը Ժողովի ընթացքին, գրաւոր յուշագիր մը յանձնեց Ժողովի Դիւանին, ուր Ատենապետ Սրբազան Հայրը ընթերցեց Ամենապատիւ Սրբազան Հօր փափաքը. նկատի առնելով իր առողջական վիճակը եւ Վանքի ապագան, կ
’առաջարկէ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին, որ նկատի ունենայ Աթոռակից Պատրիարք մը ընտրելու հարցը եւ այդ իմաստով պատրաստուին Կանոնադրական պայմաններ լրացնող յօդուածներ: Եւ թելադրեց, որ Ատենապետ Սրբազան Հայրը` Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան գլխաւորէ կանոնադրութեան այս բաժնի յանձնախումբը: Պատիարք Սրբազան Հօր փափաքին համաձայն, 2011 թուականի Մարտ ամսուն, կատարուի Կանոնադրութեան յաւելուած յօդուածներու վաւերացումը:Բաց աստի, Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը ընտրեց կանոնադրութեան նոր յանձնախումբ մը, բարեփոխելու համար Սուրբ Աթոռոյս կանոնադրութիւնը յառաջիկայ մէկ տարուայ ընթացքին:
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը քննելէ ետք Համբարձման լերան վանքապատկան հողի վրայ շահութաբեր հիւրանոցի մը կառուցման ծրագիրը, իր հաւանութիւնը տուաւ:
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը կու գայ իր գնահատանքը յայտնելու Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր, Ս. Աթոռոյս Լուսարարապետ` Գերշ. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին եւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Բ. Ատենապետ` Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին եւ ատենադպիրներուն:
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը իր գնահատանքը կը յայտնէ նախկին Տնօրէն Ժողովի անդամներուն եւ Ատենապետ Գերշ. Տ. Արիս. Արք. Շիրվանեանին իրենց մատուցած ծառայութեան համար:
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը կը շնորհավորէ Տնօրէն Ժողովոյ նորընտիր անդամները, մաղթելով անոնց գործոց բարեաց յաջողութիւն:
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը գնահատանքով արձանագրեց յարաբերական, կրթական, Սուրբ Տեղեաց, կալուածական եւ ելեւմտական գործունէութիւնները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց լաւագույն ծառայութիւնը ցուցաբերած են ի նպաստ Սուրբ Աթոռոյս:
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը կ
’աղոթէ առ Աստված, որ անսասան պահէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ արեւշատութիւն պարգեւէ Ամենայն Հայոց Հայրապետ` Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին:Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը կ
’աղոթէ առ Աստված, որ իր հովանին անպակաս ընէ Սուրբ Աթոռիս վրայէն եւ առողջութիւն պարգեւէ Նորին Ամենապատվութիւն Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանին:Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր միաբան հայերուն, որոնք իրենց անմիջական հոգատարութեան առարկան դարձուցին Սուրբ Աթոռը եւ նրա պայծառութիւնը:
Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը իր Գահակալով հանդերձ իր շնորհակալութիւնը կը հայտնէ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը բերած են Առաքելական Սուրբ Աթոռոյ պայծառութեան:
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը իր աւարտին հասաւ դրական եւ շինիչ ոգիով, եւ ապա յոտնկայս Սուրբ Աթոռոյս «Օրհներգ»-ով եւ Պատրիարք Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»-ով փակուեցաւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի 19-րդ նիստը:
18 Նոյեմբեր 2010
Դիւան Սուրբ Աթոռոյ