ԳԵՐՇ. Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՁԵՌՆԱԴՐԵՑ ԲՐՇ. ԼԵՒՈՆ-ՀՈՃԱ ՍՐԿ. ԷՅՆԱԹԵԱՆԸ
Հրատարակութեան խնդրանքով
Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս
ԳԵՐՇ. Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ՁԵՌՆԱԴՐԵՑ ԲՐՇ. ԼԵՒՈՆ-ՀՈՃԱ ՍՐԿ. ԷՅՆԱԹԵԱՆԸ
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան քահանայ ձեռնադրեց Բրշ. Լեւոն-Հոճա Սրկ. Էյնաթեանը Ուաշինկթընի Տի. Սի.ի Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ:
Շաբաթ Յուլիս 10-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Կոչման արարողութիւնը: Իսկ ձեռնադրութիւնը` Կիրակի Յուլիս 11-ին` Ս. Պատարագի ընթացքին` խարտաւիլակութեամբ Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ նախկին հոգեւոր հովիւ Արժշ. Տ. Վրթանէս Ա. Քհնյ. Գալայճեանի եւ այժմու հոգեւոր հովիւ Արժշ. Տ. Յովսէփ Քհնյ. Կարապետեանի: Երկու օրերն ալ Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցի փութացած էին հոծ թիւով հաւատացեալներ:
Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան նորընծայ քահանային ճակատն ու ձեռնքերը Ս. Միւռոնով օծելէ ետք զայն վերանուանեց Տէր. Յովհան:
Յաւարտ ձեռնադրութեան` Սրբազան Հայրը օրուան պատշաճ քարոզը տուաւ« ուր ի մէջ այլոց ըսաւ. «Այսօր Հայց. Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է. մեր Տիրոջ Այլակերպութեան տօնը« որ կը կոչուի նաեւ Պայծառակերպութիւն եւ Վարդավառ: Յիսուս իր երեք աշակերտներուն հետ Թափոր լեռը բարձրացաւ եւ աղօթքի պահուն այլակերպուեցաւ. այդ պահուն լուսաւոր ամպի մը մէջէն ձայն մը ըսաւ. "Ա°յս է իմ սիրելի Որդիս« որուն հաճեցայ. ա°նոր մտիկ ըրէք": Յիսուսի ընկերացող երեք աշակերտները ականատես եղան Անոր այլակերպութեան« որ զիրենք եւս այլակերպեց եւ անոնք դարձան Քրիստոսի առաքելութեան բուռն հետեւորդները: Այսօր« այս աղօթավայրին մէջ« ձեր բոլորին ներկայութեան« նման խորհրդաւոր այլակերպութիւն մը տեղի ունեցաւ: Ձեռնադրութեամբ եւ Ս. Հոգիի ներգործութեամբ Էյնաթեան Սարկաւագ նոր անձ մը դարձաւ: Այսօր« ան դարձաւ այն անձը« որ Տէրը սահմանած էր: Տէր Յովհան պատասխանելով Աստուծոյ կոչին քահանայ ձեռնադրուեցաւ` որպէս զի ընթանալով Տիրոջ նախագծած ճամբայէն ինքզինք նուիրէ իր եկեղեցւոյն եւ իր ժողովուրդին£»
Ս. Պատարագի աւարտին` նորընծայ Տէր Յովհան եկեղեցւոյ դասին մէջ ընդունեցաւ շնորհաւորութիւնները ներկայ հաւատացեալներուն« որոնք համբուրեցին Ս. Միւռոնով օծուած ձեռքը:
Ապա« Եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ ճաշկերոյթ:
Տ. ՅՈՎՀԱՆ ՔՀՆՅ. ԷՅՆԱԹԵԱՆ
Ծնած է Երեւան 1967 թուականին« երաժշտութեան ճիւղին մէջ պսակաւորի եւ արուեստի մագիստրոսի աստիճաններ ստացած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն եւ Մոսկուայի Պետական Երաժշտանոցէն: Մեծցած ըլլալով սովետական Հայաստանի մէջ` առիթը չէ ունեցած եկեղեցի յաճախելու եւ քրիստոնէական հաւատքի մասին ծանօթութիւննմեր ունենալու: Իր մեծ ծնողներն են որ առաջին անգամ իրեն հատուածներ կարդացած են Ս. Գիրքէն: 1999 թուականին Ուաշինկըն Տի. Սի. հաստատուելէ ետք է որ գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ ծխական կեանքին մէջ: Եւ այս շրջանին է որ առաջին անգամ ըլլալով կոչումը զգացած է եկեղեցւոյ ծառայելու: Ան նշանակուած է հովիւի օգնական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ« ուր եղած է դպիր« Կիրակնօրեայ Վարժարանի ուսուցիչ« երգեհոնահար եւ կազմած է «Նարեկ» զանգակային նուագախումբը: Ունի հեղինակութիւններ եւ պատրաստած է խտասալիկներ:Աստուածաբանութեան դասընթացքներու հետեւած է Ուաշինկթընի Կաթողիկէ Համալսարանին մէջ: Անցեալ տարի շրջանաւարտ եղած է Ս. Ներսէս Ընծայարանէն: Նորընծայ Տէր Հովհան իր քառասունքի շրջանը պիտի անցընէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ: Տէր Յովհան եւ իր տիկինը` Նարինէ ունին երկու զաւակ` Տաթեւիկ եւ Ալեքսանտըր: