Ամենայն Հայոց Հայրապետը Նիւ Օրլինզ կը ժամանէ
Յետ միջօրէի ժամը 5:00-ին` Նորին Սրբութիւնը Իր շքախումբով Նիւ Օրլինզի օդանաւակայանը ժամանեց` ուր Նորին Սրբութիւնը դիմաւորելու եկած էին տեղւոյն համայնքի անդամները եւ Հապիթաթ Ֆոր Հիւմանիթի Կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ:
Նիւ Օրլինզի մէջ կայք հաստատած են սակաւաթիւ հայեր` որոնք համախմբուած են եւ մէկ ընտանիք կազմած:
Աւանդական աղ ու հացի օրհնութենէն ետք` շքախումբը ներկայ գտնուեցաւ ընդունելութեան մը` տրուած Հապիթաթ Ֆոր Հիւմանիթի Կազմակերպութեան կողմէ Շերաթոն Պանդոկին մէջ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացուց Ամենայն Հայոց Հայրապետը« որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Փառք եւ գոհութիւն ենք յայտնում երկնաւոր մեր Տիրոջը` որ հասարակական մեր կեանքում գոյութիւն ունեն այսպիսի բարեսիրական կազմակերպութիւններ« ինչպէս Հապիթսթ Ֆոր Հիւմանիթի կազմակերպութիւնը« որ Քրիստոսի պատուիրաններն ու պատգամները գործնականօրէն կեանքի մէջ են ներառնում` իրականանցնելով ոչ միայն աջակցութիւն եւ օգնութիւն կարիքաւորներին` այլ նաեւ կամուրջներ հաստատելով տարբեր ազգութիւնների մարդկանց միջեւ»: Խօսք առին նաեւ Եկեղեցիներու Յարաբերութեանց Գրասենեակի տնօրէն Տ. Րի
ֆաթ Զաքի եւ Միշիկընի Հապիթաթ Ֆոր Հիւմանիթի Կազմակերպութեան նախագահ Հայր Քէն Պէնսըն: Անոնք արտայայտուեցան Հապիթաթի կատարած գործունէութեանց մասին եւ ուրախութիւն յայտնեցին որ քանի մը տարի առաջ Հապիթաթի եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միջեւ համագործակցութիւն տեղի ունեցած է եւ Հապիթաթը« որպէս «Գարեգին Բ. ծրագիր»« սկսած է տարին 35-40 տուներ կառուցանել Հայաստանի մէջ եւ յոյս յայտնուեցաւ որ յաջորդ տարիներուն պիտի կրկնապատկուի այդ թիւը: Այդ տուները կը կառուցուին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի անունով« ինչպէս որ Ամերիկայի մէջ տուները կը կառուցուին Միացեալ Նահանգաց նախկին Նախագահ Ճիմի Քարթըրի անունով:Չորեքշաբթի Հոկտեմբեր 17« 2007
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Իր բաժինը բերաւ նոր կառուցուող տունի աշխատանքին
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին` Նորին Սրբութիւնը եւ Իր շքախումբը այցելեցին Նիւ Օրլինզի «Երաժիշտներու Աւան»ը« ուր նոր տուն մը կը կառուցուէր Հապիթաթ Ֆոր Հիւմանիթի Կազմակերպութեան կողմէ: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ ներկայ հոգեւորականները իրենց բաժինը բերելով կառուցման աշխատանքին` սկսան ներկել տան պատերը: Աշխատանքի աւարտին` Հայոց Հայրապետը Իր խորին գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Հապիթաթ Ֆոր Հիւմանիթի Կազմակերպութեան` անոր կատարած մարդասիրական եւ բարեսիրական գործունէութեանց համար:
Ամենայն Հայոց Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ լրագրողներու հետ եւ պատասխանեց անոնց ներկայացուցած հարցումներուն:
Ապա` վրանի մը ներքեւ հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ:
Նորին Սրբութիւնը Պաթոն Ռուժ կը ժամանէ
Նոյն օրը« յետ միջօրէի ժամը 6:00-ին` Նորին Սրբութիւնը եւ Իր շքախումբը ժամանեցին Պաթոն Ռուժ« ուր դիմաւորուեցան տեղւոյն Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն կողմէ: Աղ ու հացի օրհնութենէն ետք« Հրաշափառի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ« ուր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան բարի գալուստ մաղթեց Ամենայն Հայոց Հայրապետին« որ Իր գնահատութեան եւ բարեմաղթութեան խօսքը արտասանեց: Արարողութենէն ետք` Նորին Սրբութիւնը օրհնեց եկեղեցւոյ կից հայկական գերեզմանատունը:
Երեկոյեան ժամը 7:30-ին` Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն« որուն ընթացքին ներկաները մօտենալով Ամենայն Հայոց Հայրապետին Անոր Աջը համբուրեցին եւ ստացան Հայրապետական օրհնութիւններ: