ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՏԻԹՐՈՅԹԻ (ՄԻՇԻԿԸՆ) ՄԷՋ

«Մասգօ» Ընկերութեան կեդրոնատեղիին մէջ

Նախորդ օրը« Երեքշաբթի Հոկտեմբեր 30« Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Իր շքախումբով Տիթրոյթի օդանաւակայանը ժամանեց երեկոյեան ժամը 9:00-ին« ուր դիմաւորուեցաւ Տիթրոյթի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցւոյ հովիւին« Ծխական Խորհուրդի անդամներուն եւ դպրոցական աշակերտներու կողմէ: Աղ ու Հացի օրհնութենէն ետք` խումբը ճամբայ ելաւ դէպի պանդոկ:

Չորեքշանթի առաւօտեան ժամը 10:00-ին` Նորին Սրբութիւնը Իր շքախումբով ժամանեց «Մասգօ» Ընկերութեան կեդրոնատեղին« ուր նախաճաշ սպասարկուեցաւ Հապիթաթ Ֆոր Հիւմանիթի Կազմակերպութեան պատասխանատուներու մասնակցութեամբ: Հիւրընկալ Ռիչըրտ Մանուկեանի բարեգալստեան խօսքէն ետք` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ներկայացուց Հայաստանի Հապիթաթի մասին ժապաւէն մը« եւ խօսեցաւ այնտեղ կատարուած աշխատանքներուն մասին: (Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան` Նիւ Եորքի հանդիսաւոր ճաշկերոյթի ընթացքին [Կիրակի Հոկտեմբեր 28] յայտարարեց որ Արեւելեան Թեմի եկեղեցիներ 350«000 տոլար տրամադրած են` որպէս զի Հապիթաթ Ֆոր Հիւմանիթի կազմակերպութեան միջոցաւ Հայաստանի մէջ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Աշխատանքային Ծրագիրի անունով 40 տուներ կառուցուին:)

Այս առթիւ խօսք առաւ Թեմակալ Պատուիրակ եւ Միջ-Եկեղեցական Յարաբերութեան Վարիչ Տնօրէն Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան« որ արտայայտուեցաւ ընդհանրապէս Հապիթաթ Ֆոր Հիւմանիթիի գործունէութեան եւ մասնաւորապէս Հայաստանի մէջ Հապիթաթի կատարած աշխատանքներուն մասին: Տ. Վիգէն Արքեպիսկոպոս անդամ է Հապիթաթ Ֆոր Հիւմանիթի Կազմակերպութեան Տնօրէններու Միջազգային Մարմնին:

Ապա« Նորին Սրբութիւնը առանձին տեսակցութիւն մը ունեցաւ «Մասգօ» Ընկերութեան տնօրէն Ռիչըրտ Մանուկեանի հետ` անոր գրասենեակին մէջ« մինչ մնացեալ հրաւիրեալները դիտեցին Տիար Մանուկեանի գեղարուեստ նկարներու աշխարհռչակ հաւաքածոն:

Միջ-Եկեղեցական հանդիպում Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցւոյ մէջ

Յետ միջօրէի ժամը 12:30-ին` Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ Ամենայն Հայոց Հայրապետի հանդիպում ունեցաւ Հայ եւ ոչ-հայ եկեղեցականներուն հետ: Ներկայ էին Տիթրոյթի Կաթոլիկ Արքեպիսկոպոսարանէն Կարտինալ Ատամ Մայիտա« Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիէն Նիքլըս Արքեպիսկոպոս եւ Ռումանական Ուղղափառ եկեղեցիէն Նաթանիէլ Արքեպիսկոպոս:

Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան ներկայացուց Ամենայն Հայոց Հայրապետը« որ իր խօսքին մէջ ըսաւ որ Իր այցելութիւնը ծրագրուած էր տարի մը առաջ եւ Ինք տեղեակ չէր որ Ուաշինկթըն Տի. Սի. այցելութեան օրերուն տեղի պիտի ունենար Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու Տան ժողովը« որուն հրաւիրուեցաւ բացման աղօթքը ընելու համար: Ապա ծանրացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին եւ ըսաւ. «Բարոյական արժէքները պէտք չէ որ պատանդ դառնան քաղաքական շահերու: . . . Ուշ կամ կանուխ այս ոճրագործութիւնները պիտի դատապարտուին:

. . . Ժողովուրդէն հաշիւ պիտի պահանջուի« նոյնիսկ անոնցմէ` որոնք բարոյապէս պատասխանատու են: . . . Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ոչ միայն կարեւոր է Հայերուն համար« այլ բոլոր անոնց` որոնք իրենց կրօնքին եւ կամ ինքնութեան համար տառապած ու չարչարանքներու ենթարկուած են»:

Ներկայ եկեղեցականները« բոլորն ալ« դատապարտեցին ցեղասպանութիւնը: Կարտինալ Մայիտա մաղթեց, որ Ամենայն Հայոց Հայրապետը շարունակէ կամուրջը հանդիսանալ բարի կամեցողութեան« խաղաղութեան եւ արդարութեան համար պայքարող ժողովուրդներուն:

 

Հանդիպում Գանատայի Թեմի ներկայացուցիչներուն հետ

Յետ միջօրէի ժամը 4:00-ին` Ամենայն Հայոց Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բագրատ Եպս. Գալստաենանի եւ Գանատայի Թեմական Խորհուրդի անդամներուն հետ: Խորհրդակցութեան նիւթ եղան Գանատայի Թեմը հետաքրքրող հարցեր:

Հրաշափառի արարողութիւն Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցւոյ մէջ

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին` Նորին Սրբութիւնը Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցի առաջնորդուեցաւ Հրաշափառի երգեցողութեամբ: Եկեղեցին փութացած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Հայոց Հայրապետը դէպի Խորան Իր ճամբու ընթացքին ձեռաց խաչով օրհնեց ներկաները:

Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան իր բարեգալստեան խօսքը արտասանեց եւ հրաւիրեց Ամենայն Հայոց Հայրապետը Իր պատգամը տալու:

Հրաշափառի արարողութենէն ետք հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ Եկեղեցւոյ մշակութային սրահին մէջ« ուր ներկայացուեցաւ նաեւ Հայկական պատմական տարազներու տողանցքը:

Հինգշաբթի Նոյեմբեր 1« 2007

Այցելութիւն Հ.Բ.Ը.Միութեան Ալեքս եւ Մարի Մանուկեան Վարժարանին

Առաւօտեան ժամը 10:00-ին` Ամենայն Հայոց Հայրապետը եւ Իր շքախումբը այցելեցին Հ.Բ.Ը.Միութեան Ալեքս եւ Մարի Մանուկեան Վարժարանը« որ 340 աշակերտ ունի եւ որոնք ներկայացուցին շատ ճոխ յայտագիր մը: Ամենայն Հայոց Հայրապետը Իր գոհունակութիւնը եւ ուրախութիւնը յայտնեց աշակերտներուն ելոյթներուն համար եւ իւրաքանչիւր աշակերտի Ս. Էջմիածինէն բերած խաչիկներ բաժնեց:

Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցւոյ մանուկներուն հետ

Յետ միջօրէի ժամը 4:00-ին` Ամենայն Հայոց Հայրապետը Իր շքախումբով վերադարձաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցի« ուր մանուկները մասնաւոր յայտագիր մը գործադրեցին եւ Նորին Սրբութեան յիշատակի նուէր մը յանձնեցին: Նորին Սրբութիւնը օրհնեց բոլոր մանուկները եւ անոնց յուշանուէրներ յանձնեց:

Ճաշկերոյթ

Երեկոյեան ժամը 6:0-30-ին« 600 անձերու ներկայութեամբ« Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ ի պատիւ Ամենայն Հայոց Հայրապետին: Օրուան կարգախօսն էր «Համայնքի ամենատարեց անդամներու վերապրումը». Նորին Սրբութիւնը Իր օրհնութիւնները բաշխեց Եկեղեցւոյ 90 տարեկանէն վեր 20 անդամներուն:

Ճաշկերոյթի բացման խօսքը ըրաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցւոյ հովիւ Արժշ. Տ. Կարապետ Ա. Քհնյ. Քոչաքեան: Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան պաշտօնապէս ներկայացուց Ամենայն Հայոց Հայրապետը« որ Մայր Աթոռի գործունէութեանց մասին ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք` Իր սրտի խօսքը ըսաւ:

Ուրաբթ Նոյեմբեր 2« 2007

Խաչքարի օրհնութիւն Մանուկեանի անուան ծերանոցի շրջափակին մէջ

Յետ միջօրէի ժամը 3:00-ին` Ամենայն Հայոց Հայրապետը Իր շքախումբով մեկնեցաւ Մանուկեանի անուան ծերանոցը« որուն շրջափակին մէջ զետեղուած էր խաչքար մը: Նորին Սրբութիւնը այցելեց ծերանոցի պատստարեալներուն« օրհնեց զանոնք աղօթեց անոնց առողջութեան համար համար: Ապա` ծերանոցի շրջափակին մէջ կատարեց խաչքարի օրհնութիւնը: