ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ'ԱՅՑԵԼԷ ՄԻՆԷԱՓՈԼԻՍ (ՄԻՆՆԻՍՈԹԱ)
Շիգակոյի Կրօնական Առաջնորդներու Խորհուրդի հիւրասիրութիւնը
Առաւօտեան ժամը 9:30-ին` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. եւ Իր շքախումբը հիւրասիրուեցան Շիգակոյի Կրօնական Առաջնորդներու Խորհուրդին կողմէ` Union League Club-ի մէջ: Ներկայ էին քոյր եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ աշխարհական դէմքեր: Նախաճաշի ընթացքին հարցեր ուղղուեցան Նորին Սրբութեան` որոնց տուաւ հանգամանալից պատասխաններ: Ցեղասպանութեան մասին ուղղուած հարցումին պատասխանեց. «Մասնաւորապէս կարեւոր է ճանաչումը եւ դատապարտումը ցեղասպանութեան` որպէս զի նման ցեղասպանութիւններ տեղ չգտնեն աշխարհով մէկ»:
Դէպի Մինէափոլիս (Միննիսոթա)
Հայոց Հայրապետը եւ Իր հետեւորտները փոխադրող օդանաւը Սէյնթ Փօլ Միննիսոթա ժամանեց յետ միջօրէի ժամը 1:30-ին: Օդանաւակայանի մէջ աղ ու հացի օրհնութեան եւ բարի գալստեան արարողութենէն ետք` Ամենայն Հայոց Հայրապետը պանդոկ առաջնորդուեցաւ:
Հրաշափառ արարողութիւն
Երեկոյեան ժամը 7:00-ին` Մինէափոլիսի Ս. Սահակ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հրաշափառի արարողութիւն` որուն ներկայ էին քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ« Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամները« թեմական պատգամաւորը« եկեղեցապատկան կազմակերպութեան անդամներ եւ հոծ թիւով հաւատացեալներ:
Այս առիթով Հայոց Հայրապետը Ս. Էջմիածինէն բերած սկիհ մը նուիրեց Ս. Սահակ Եկեղեցւոյ: Նորին Սրբութիւնը Իր պատգամին մէջ ըսաւ. «Ձեր հոգու մէջ կրէք Հայաստանի յոյսերն ու տեսիլքները« ձեր սրտի մէջ կրէք Ս. Էջմիածնի լուսեղէն պատկերը` եւ կ
’ապրէք յաւերժ« կ’ապրէք հայաշունչ« կ’ապրէք Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի հետ« կ’ապրէք Ս. Նարեկացու հետ« ձեր շրթերին կը հնչի աղօթքը Շնորհալուն« ձեր շրթերին կը հնչի երգը Կոմիտասի« եւ ձեր ոգին արի կը լինի Վարդանանց շնչով ու ոգով»:Արարողութեան աւարտին` Նորին Սրբութիւնը օծումը կատարեց Եկեղեցւոյ մկրտարանին. Եկեղեցին ու մկրտարանը կառուցուած էին Տէր եւ Տիկին Սթիւըն եւ Շաքէ Սքալըններու գլխաւոր բարերարութեամբ: Ապա« ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Ներկաները խոր յարգանքով եւ երկիւղածութեամբ մօտեցան Ամենայն Հայոց Հայրապետին եւ Անոր Աջը համբուրեցին եւ ստացան օրհնութիւնները:
Ուրբաթ Հոկտեմբեր 26« 2007
Պատուոյ Տաքթորայի աստիճանի տուչութիւն Ամենայն Հայոց Հայրապետին
Ամենայն Հայոց Հայրապետը Իր շքախումբով այցելեց Հռոմէական Կաթոլիկ Սէյնթ Թամըս Համալսարանը« ուր իրենց ուսումը կը կատարելագործեն Մայր Աթոռի միաբաններ` մեկենասութեամբ ազգային բարերար Տիար Ճէրըլտ Գաֆէսճեանի:
Մասնաւոր արարողութեամբ մը Սէյնթ Թամըս Համալսարանի նախագահ Հայր Տէնիս Տիս պատուոյ Տոքթորայի աստիճան շնորհեց Ամենայն Հայց Հայրապետին« որ Իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Իրեն ընծայուած այս պատիւին« ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռի միաբաններուն հանդէպ ցոյց տրուած հոգածութեան համար:
Համալսարանի նախագահին« ուսուցչական կազմին եւ միջ-եկեղեցական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ Նորին Սրբութիւնը սեղանակից եղաւ կէսօրուան ճաշին« որուն ներկայ էին նաեւ Մինիսոթայի քաղաքապետը« Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսը« Տէր եւ Տիկին Ճէրըլտ Գաֆէսճեան եւ զաւակները« ինչպէս նաեւ Հայ եւ օտար հրաւիրեալներ: Ճաշի աւարտին` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հայրապետական սրբատառ Կոնդակ եւ Գրիգոր Լուսաւորիչ Շքանշան շնորհեց Տիար Ճէրըլտ Գաֆէսճեանի` անոր բազմաթիւ եւ բազմապիսի բարերարութիւններուն ի գնահատութիւն:
Դէպի Նիւ Եորք
Ամենայն Հայոց Հայրապետը« Իր հետեւորդներով« Նիւ Ճըրզիի Թիթըրպորօ օդանաւակայանը ժամանեց յետ միջօրէի ժամը 6:00-ին: Բարի Գալստեան ընդունելութենէն ետք` Նորին Սրբութիւնը առաջնորդուեցաւ Նիւ Եորքի Metropolitan Club-ը` ուր հիւրասիրութիւն կազմակերպուած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ: