ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԻԱՄՍԵԱՅ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ

«ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՒԱՏՔԸ ՏՈՒՆ ԲԵՐՈՂ»

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի հովուապետական միամսեայ այցելութիւնը` Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին աւարտեցաւ Ուրբաթ Նոյեմբեր 2` երբ առաւօտուն Նորին Սրբութիւնը Տիթրոյթէն ճամբայ ելաւ դէպի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:

Այս այցելութեան կարգախօսն էր «Հովուական Այցելութիւն` Հաւատքը տուն բերող»: Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան` Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած առաջին Հրաշափառի արարողութեան ընթացքին իր բարեգալստեան խօսքին մէջ ըսաւ. «Ո°վ կրնայ հաւատքը տուն բերել` եթէ ոչ Ամենայն Հայոց Հայրապետը»: Իրապէս ալ` մէկ ամսուան ընթացքին` Նորին Սրբութիւնը ուր որ գնաց` «հաւատքը տուն բերաւ»:

Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին համար աննախընթաց երեւոյթ էր« կը կարծենք որ աննախընթաց երեւոյթ էր նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մը համար« որ մէկ ամսուան ընթացքին այցելէ մէկ թեմի մը 18 շրջանները« մեծ« փոքր կամ նորակազմ ծուխեր եւ Իր Հայրապետական օրհնութիւններն ու պատգամները բաշխէ անխտիր Իր բոլոր զաւակներուն:

Պատրաստուած էր շատ խճողուած յայտագիր մը եւ ժամանակացոյց մը:

Բազմաթիւ հայորդիներ չէին տեսած Ամենայն հայոց Կաթողիկոս մը« եւ կը կարծէին որ Ան անմերձենալի անձնաւորութիւն մըն էր: Սակայն այս այցելութեան ընթացքին ի յայտ եկաւ որ կարելի էր Անոր մօտենալ« կարելի էր Անոր հետ խօսիլ« Անոր դպչիլ եւ Անոր հետ ողջագուրուիլ: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը «մարդացած» անձնաւորութիւն մըն է` որ մանուկին հետ` մանուկին լեզուով կը խօսի« երիտասարդին հետ կը բաժնէ անոր մտահոգութիւնները եւ համբերութեամբ կունկնդրէ տարեցին ու կը մխիթարէ եւ կը յուսադրէ զայն: Ա°յս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն է որ տեսան եւ վայելեցին Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի հաւատացեալները:

Երեսուն օրերու խիստ յոգնեցուցիչ այցելութիւն մը« որուն աւարտին ո°չ Ամենայն Հայոց Հայրապետին եւ ո°չ ալ ամէն տեղ Անոր ընկերացող Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի դէմքերուն վրայ յոգնութեան նշոյլ մը երեւցաւ: Ամէն տեղ` կարծէք առաջին այցելութիւնն էր. նոյն խանդը« նոյն եռանդը եւ նոյն ոգեւորութիւնը:

Ամենայն Հայոց Հայրապետը այս ափերը եկաւ պատգամելու որ Հայը իր ընտանեկան յարկը անեղծ պահպանէ« առ Քրիստոս իր հաւատքը առաւել եւս զօրացնէ« անխախտ պահէ ազգային-եկեղեցական աւանդութիւնները« անվերապահօրէն սիրէ Հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը« Մայր Հայրենիքը եւ տէրը կանգնի իր արդար դատին եւ իրաւունքներուն:

Մէկ ամսուան այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը բազմաթիւ առիթներով« երբեմն նոյն վայրին մէջ երկու անգամ« Իր խօսքը ուղղեց հաւատացեալներուն« եւ ամէն անգամ նորութիւն մը ունէր ըսելիք« պատգամելիք ու յորդորելիք:

Հրաշափառի արարողութիւններու շարք մը տեղի ունեցաւ« Նորին Սրբութիւնը նորակառոյց եկեղեցի օծեց« հանդիպում ունեցաւ Հայ հոգեւորականներու« մանուկներու« երիտասարդներու« տարեցներու« Հ.Բ.Ը.Միութեան նախագահին եւ անդամներուն« «Ս. Էջմիածնի Բարեկամներու Հիմնադրամի»ի անդամներուն« ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին« ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական բարձրաստիճան եկեղեցականներու եւ անձնաւորութիւններու հետ: Ամենուր Իր սրտի անկեղծ խօսքը ըսաւ եւ Հայ ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանեց: Նոյնիսկ Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու Տան ժողովի բացման աղօթքին մէջ յիշեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը« եւ ոչ-հայ շրջանակներու մէջ ըսաւ որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանաչում գտնէ` որպէս զի այլեւս նման ցեղասպանութիւններ չպատահին որեւէ մէկ այլ տեղ:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հովուապետական այցելութեան մասին արձագանգ հանդիսացան բոլոր շրջաններու տեղական ծանօթ թերթերը:

Խանդավառութեան« ոգեւորութեան եւ հպարտութեան պահեր ապրեցան Արեւելեան Թեմի հաւատացեալները` իրենց սիրելի Հայրապետին այցելութեան ամբողջ տեւողութեան: Հայրենիքէն հեռու պարող այս հայորդիներուն հաւատքը զօրացաւ եւ «տուն եկաւ»« ազգային ոգին առաւել եւս բոցավառեցաւ Մայր Հայրենիքի եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի շուչով« եւ ամերիկահայը «վերագտաւ» իր ինքնութիւնը: