Պաշտօնական հաղորդագրութիւն
Մենք՝ Արեւմտեան Թեմէն ներս ծառայող հոգեւորականներս, կու գանք մերազն ժողովրդին ու հաւատացեալներուն ուշադրութեան յանձնել, թէ վերջերս ականատես կ'ըլլանք կարգ մը վճարուած անհատներու կողմէ անընդունելի և փողոցային ցեխարձակումներու՝ հասցէագրուած Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր բարի անունին ու նկարագրին:
Ակնյայտ է, որ ցեխարձակումները մտացածին են, անհիմն, երեւակայական ու անիրական, իսկ չարագործ բանսարկուները՝ եկեղեցւոյ եւ մանաւանդ հաւատքին հետ առընչութիւն չունեցող, ինքնակոչ «ազգայիններ»: Քաջ գիտենք, որ մեր Վեհափառ Հայրապետին ու Սրբազան Հօր բարի անունը մրոտել յանդգնող անհատները կը հետապնդեն անձնական շահերէ մղուած նպատակ ու մտադրութիւն:
Կ'ուզենք քաջատեղեակ պահել մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, որ Արեւմտեան Թեմիս համայն հոգեւորական դասը, Թեմական Խորհուրդով միասին, համախմբուած՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ու Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր շուրջ, միասիրտ ու միաբան խստիւ կը դատապարտենք բոլոր զրպարտութիւններն, ցնդաբանութիւններն ու անհիմն բամբասանքները հասցէագրուած Վեհափառ Հայրապետին եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր բարի անունին:
Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ ԱՄՆ Արեւմտեան ափին գործող բոլոր հայկական կազմակերպութիւններուն՝ ազգային, քաղաքական, հոգեւոր, մշակութային եւ բարեգործական, որպէսզի պաշտօնական յայտարարութեամբ դատապարտեն խռովարարներու յերիւրալից արտայայտութիւնները։ Եթէ իսկապէս կ՛ուզենք ըլլալ «լոյսի որդիներ», ուրեմն պարտինք մեր հայեացքն ու մտածումը ուղղել դէպի լոյսը եւ ճշմարտութիւնը՝ դատապարտելով խաւարն ու խաւարի իշխանը։ Պետրոս Առաքեալ կը զգուշացնէ․ «Զգօ՛ն եղէք, արթո՛ւն կեցէք, որովհետեւ ձեր ոսոխը՝ Չարախօսը կը շրջի մռնչող առիւծի պէս՝ փնտռելով, թէ որու կլլէ»։ Ա․ Պետրոս 5։8
Համայն հոգեւարական դասը, Թեմական Խորհուրդը ու բոլոր Թեմական կազմակերպութիւնները միահամուռ սատար կը կանգնին Առաջնորդ Սրբազան Հօր յառաջիկայ բոլոր օրինական քայլերուն եւ աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած, որ չքանան չարիքները, սէր ու համերաշխութիւն տիրէ մեր համայնական կեանքէն ներս:
Աղօթարար՝
Արեւմտեան Թեմի Եկեղեցական Դաս եւ Թեմական Խորհուրդ
Յունուար 11, 2019
Պըրպէնք, Գալիֆորնիա