Միացեալ Նահանգաց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Դանիէլ Եպիսկոպոս Ֆընտըքեանի պատգամը, Հայաստանի հիւսիսային կողմի վրայ յարձակման առթիւ
Սիրեցեալ Հաւատացեալներ,
Մենք բոլորս ազդուած ենք այս շաբաթ սարսափելի այն լուրերով, որ Ատրպէյճանական զօրքը կրկին յարձակում գործած է Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանին, մի բան որ տասնամեակներով ըրած է մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի հանդէպ։
Հայկական բանակի զինուորները, որոնք իրենց կեանքը վտանգի տակ դրին ի պաշտպանութիւն մեր անկախ ազգին, քաջօրէն ետ մղեցին սահմանը ներխուժողներուն։ Բայց ցաւալիօրէն, չորս զին ծառայողներ - Քսանապետք՝ Գրիշա Մաթեւոսեան եւ Սմբատ Գաբրիէլեան, հրամանատար՝ Սօս Էլպաքեան եւ Մայոր կամ յիսնապետ՝ Գարուշ Համբարձումեան - իրենց կեանքը կորսնցուցին կռուի ընթացքին։ Հայաստանի կառավարութիւնը յետ մահու պարգեւատրեց անոնց շքանշաններով։
Մեր Կաթողիկոսը, Նորին Սուրբ Օծութիւն Գարեգին Բ, սրտառուչ արտայայտութեամբ մը, որպէս հայրը մեր բոլոր ժողովուրդին, ուղեւորուեցաւ դէպի Տաւուշի շրջան, որտեղ յարձակումը գործուած էր, անձնապէս հանդիպելու բանակին հետ եւ քաջալերելու անոնց սրտերը եւ նախագահելու Մայոր կամ յիսնապետ՝ Համբարձումեանի յուղարկաւորութեանը։
Այս տխուր առիթով, իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց որ մենք՝ Հայերս «խաղաղասէր ժողովուրդ ենք, բայց մենք յաւէտ պիտի մերժենք որեւէ յարձակում մեր ազատութեան եւ ինքնութեան վրայ։ Մենք գիտենք, որ խաղաղութիւնը կ՛ապահովուի եւ կը սրբագործուի մեր երկրի քաղաքացիներու արեամբ, որոնք զոհած են իրենց կեանքերը մեր սուրբ հայրենիքի եւ մեր անկախութեան համար։ Որպէս սիրոյ երախտիք, մենք կը խոնարհինք այն բոլոր զաւակներու յիշատակին, որոնք իրենց կեանքը տուին պաշտպանելու մերը»։
Այս զգացումներուն, մէկը կրնայ միայն, «Ամէն» ըսել։ Այսօր մենք որպէս թեմ, աշխարհացրիւ Հայերու հետ, կը կանգնինք մեր կաթողիկոսի ազնիւ մխիթարական վճռակամ արտայայտութեանց։ Մենք կը կանգնինք մեր հայրենիքի հետ եւ կը մերժենք այս շաբթուան յարձակումը Հայաստանի անկախութեան եւ ապահովութեան դէմ։ Եւ մենք կը կանգնինք մեր բոլոր հայրենակիցներուն կողքին, մեր ունեցած կեանքի կորուստներու համար, եւ շարունակ սպառնացող վտանգին ՝ մեր խաղաղասէր ժողովուրդին։
Մենք բոլորս գիտենք, որ Հայաստանը անցեալին ալ այսպիսի յարձակումներ ետ մղած է եւ Աստուծոյ շնորհքով մեր ժողովուրդը կրցած է գլուխ հանել այդ ծանր պարտականութիւնը։ Բայց ներկայի յարձակումը կը բացայայտէ նոր ուղղութիւն մը թշնամիին անգթութեան, որովհետեւ այն տեղի կ՛ունենայ համաշխարհային համաճարակի դժուար պայմաններուն մէջ։ Երբ ողջ աշխարհը կեդրոնացուցած է իր ուշադրութիւնը պայքարելու մահացու ժահրի մը դէմ, Ատրպէյճանը կ՛ընտրէ առիթը օգտագործել աւելի ցաւ եւ տանջանք պատճառելու անմեղ ժողովուրդին։
Ես պիտի աւելցնեմ, որ այցելած ըլլալով Տաւուշ - որտեղ մեր Հայ Օգնութեան Ֆոնտը կ՛իրագործէ շատ մը կենսական ծրագրեր թեթեւցնելու աղքատութեան բեռը շրջանին - այդ բարի ժողովուրդը յատկապէս խոցելի է այժմ։ Ներկայիս անոնք ենթակայ են յարձակման, իրենց քաղաքացիական կեդրոններով, թիրախաւորուած Ազերի անխիղճ հրթիռարձակումներուն։ Թէեւ աղքատ, Տաւուշի ժողովուրդը զօրաւոր եւ կարող է, ինչպէս որ փաստած է նախորդ յարձակումներուն։ Թող Աստուած անոնց շնորհէ աւելի ուժ եւ ապահովութիւն այս ժամանակներուն։
Սիրելի ժողովուրդս, միասնաբար աղօթք մատուցենք այս փորձութեան օրերուն։ Աղօթենք որ մեր յաղթական Տէրը պիտի պաշտպանէ մեր հայրենիքը, եւ ներշնչէ աւելի հաստատակամութիւն մեր ժողովուրդին։ Աղօթենք Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ ին համար, Հայաստանի կառավարութեան, Հայոց բանակին, որոնք մեր երկիրը կը պաշտպանեն եւ կը ծառայեն քաղաքացիներուն։
Նաեւ մեր զօրակցութիւնը յայտնենք այն բոլորով որ կարող ենք, յատկապէ՛ս հաղորդակցելով մեր շրջանի քաղաքական ներկայացուցիչներուն հետ, շեշտելով որ Միացեալ Նահանգաց կառավարութիւնը պէտք է դատապարտէ Հայաստանի վրայ յարձակումը, քաջալերէ խաղաղութիւնը շրջանին մէջ եւ յետս կոչէ իր զօրակցութիւնը Ատրպէյճանին, որով ան կը հետապնդէ իր անհանդուրժողական նպատակները։
Անցնող օրերու դէպքերը - յաւելելով անցեալ ամիսներու եղածներուն վրայ - ցոյց կու տան թէ որքան, աւելի քան երբեք մարդկութիւնը պէտքը ունի երկնաւոր Փրկչի մը։ Դարերով, մեր ժողովուրդը ճանչցած ու ողջագուրած է այդ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի անձին մէջ, եւ ան մեզ հետ է այժմ եւ միշտ։ Մենք կը բարձրացնենք մեր աչքերն ու ձայները դէպի երկինք հայցելու իր կամքին։ Երբ կը մօտենանք Վարդավառի ներշնչող տօնին, միացած հոգիով բոլոր Հայ Քրիստոնեաներս աւելի լայն բանանք մեր սրտերը Աստուծոյ պայծառակերպող ուժին։
Աղօթարար՝
Դանիէլ Եպիսկոպոս
Առաջնորդ