ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթ Յունիս 16 եւ Կիրակի Յունիս 17 օրերը նշանակալից օրեր էին Ուոթըրթաունի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ ծուխի անդամներուն համար: Ծուխին մէջ հազուադէպ երեւոյթ մը եղաւ քահանայական ձեռնադրութիւնը` ձեռամբ թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի: Ս. Ներսէս Ընծայարանի շրջանաւարտ Բրշ. Ճէյսըն Սրկ. Տէմիրճեան ամուսնացեալ քահանայ ձեռնադրուեցաւ:

Կոչման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ Յունիս 16« երեկոյեան ժամը 6:30-ին: Իսկ ձեռնադրութիւնը` Կիրակի Յունիս 17 յընթացս Ս. Պատարագի:

Նախ քան ձեռնադրութիւնը` Առաջնորդ Սրբազան Հայրը արտայատուելով Ճէյսըն Սարկաւագի մասին ըսաւ. «Երբ Ճէյսընի նման երիտասարդ անձեր« հետեւելով իրենց կոչումին« քահանայ կը ձեռնադրուին` ատիկա նշան է որ մեր ծխական կեանքը կը վերանորոգուի: Մենք վստահ ենք որ Ճէյսընը եւ իր տիկինը` Աննան բարի օրինակ պիտի հանդիսանան մեր երիտասարդներուն« եւ անոնք միասնաբար յառաջ պիտի տանին իրենց վստահուած առաքելութիւնը:»

Իսկ Ճէյսըն Սարկաւագ հետեւեալ արտայայտութիւնը ունեցաւ. «Մեզմէ ամէն մէկը ծառայութեան մը կոչուած է. ես ծրագրած եմ ծառայել Աստուծոյ եւ Հայ Եկեղեցւոյ զաւակներուն: Զանազան միջոցներ կան մեր եկեղեցիին օգտակար հանդիսանալու: Ես կը հաւատամ որ այն դերը« զոր Աստուած վստահած է ինծի« որպէս ձեռնադրեալ քահանայ ծառայելն է:»

Քահանայական ձեռնադրութեան խարտաւիլակն էր Ս. Ներսէս Ընծայարանի տեսուչ Հոգշ. Տ. Դանիէլ Վրդ. Ֆընտըգեան: Իսկ կնքահայրը` Փրոֆ. Թամ Սամուէլեան: Երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ դպրաց դասը:

Ձեռնադրութեան պահուն` թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան նորընծան վերանուանեց Տէր Յովնան Քահանայ« եւ իր յորդորական խօսքերուն մէջ ըսաւ. "... Ճէյսըն Սրկ. Տէմիրճեանը անսաց Տիրոջ կոչին եւ իր սրտին մէջ ընդունեցաւ Ս. Հոգին: Այսօր "Հայրերու Օր" է

եւ այսօր Ս. Հոգին իջաւ Ճէյսըն Սրկ. Տէմիրճեանի վրայ եւ ան դարձաւ նոր անձ մը. հայր մը` Յիսուս Քրիստոսի հօտին: Ձեռնադրութեան Խորհուրդը կարտացոլայ Յիսուսի հետեւեալ խօսքերուն մէջ. "Տիրոջ Հոգին իմ վրաս է« զիս ատոր համար իսկ օծեց" (Մարկ. Դ. 18) : ". . . Ինչպէս որ ընտանիքի մը համար Ս. Պսակն ու Մկրտութիւնը կարեւոր են« այնպէս ալ ձեռնադրութիւնը կարեւոր է համայնքի մը կեանքին մէջ: Այսօր ձեզի կը ներկայացուի Յիսուսի հօտին նոր հովիւը« եւ եկեղեցւոյ ընտանիքին նոր հայրը: ... Նորընծայ Տէր Յովնան քահանան իր ուսերուն վրայ կառնէ պատասխանատուութեան նոր տեսակի լուծ մը« եւ մենք վստահ ենք որ ան անվարան կերպով պիտի հետեւի մեր Տիրոջ հետեւեալ պատգամին "Իմ լուծս ձեր վրայ առէք եւ սորվեցէք ինձմէ« որ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ. եւ ձեր անձերուն հանգիստ պիտի գտնէք« որովհետեւ իմ լուծս քաղցր է եւ իմ բեռս` թեթեւ" (Մատթ. ԺԱ 29-30): . . . Կաղօթենք որ Տէրը ներշնչէ« առաջնորդէ եւ պահպանէ նորընծան« եւ օրհնէ երէցկին Աննան« որ զօրավիգ պիտի կանգնի Տէր Հօր: Տէրը թող օրհնէ Տէր Յովնանի ծնողները` Տոքթ. Քէնէթ եւ Քարըն Տէրմիրճեանները եւ ձեզ բոլորդ. ամէն:»

Ներկայ հոծ թիւով հաւատացեալները վայելեցին հոգիները լիացնող այս արարողութիւնը եւ յաւարտ Ս. Պատարագին` անձնապէս մօտենալով նորընծայ Տէր Յովնան Քահանային համբուրեցին անոր միւռոնաօծ ձեռքերը:

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ ՆՈՐԸՆԾԱՅ ՏԷՐ ՀՕՐ

Յաւարտ ձեռնադրութեան արարողութեան եւ Ս. Պատարագին` Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ կազմակերպուած էր ճաշկերոյթ ի պատիւ նորընծայ Տէր Յովնան Քհնյ. Տէմիրճեանի: Հանդիսութեան բացման աղօթքը արտասանեց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժշ. Տ. Առաքել Քհնյ. Ալճալեան: Օրուան հանդիսավարն էր Ուայթ Փլէյնզի (Նիւ Եորք) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժշ. Տ. Գարեգին Ա. Քհնյ. Գասպարեան: Բաժակաճառը արտասանեց նորընծայ Տէր Յովնանի հայրը` Տոքթ. Քէնէթ Տէմիրճեան: Սրտի խօսքեր ըսին ձեռնադրութեան կնաքահայր Փրոֆ. Թամ Սամուէլեան եւ խարտաւիլակ Հոգշ. Տ. Դանիէլ Վրդ. Ֆընտըգեան: Ներկայացուեցաւ «Իմ ուղիս դէպի քահանայութիւն» խորագիրով ժապաւէն մը: Տ. Յովնան Քհնյ. Տէմիրճեանի շնորհակալութեան արտայայտութիւններէն ետք` թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան իր փակման խօսքին մէջ ըսաւ. «Հոգեպարար օր մըն էր այսօր բոլորիս համար: Այս պահուն մեր մտքին առջեւ կը պատկերանայ Հայ ժողովուրդին եւ անոր հոգեւորականներուն վիճակուած դժբախտ ճակատագիրը. 92 տարիներ առաջ Հայ ազգի բիւրաւոր զաւակներնու հետ բազմաթիւ բարձրաստիճան եկեղեցականներ եւ քահանաներ աքսորուեցան եւ զոհ դարձան ցեղասպանութեան. յաջորդող տարիներուն աւելի պայծառ չեղաւ հոգեւորականներուն կացութիւնը` սովետական գերիշխանութեան ներքեւ. դարձեալ հալածուեցան ու աքսորուեցան: Սակայն այսօր« գլխաւորաբար Մայր Հայրենիքի եւ նաեւ արտասահմանի մէջ նոր եկեղեցականներ կը ձեռնադրուին եւ Աստուծոյ ծառայութեան կը նուիրուին: Այս սքանչելի երեւոյթը ես միայն հրաշք կը նկատեմ»: Ապա« Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց նորընծայ Տէր Յովնան Քահանան« անոր ծնողները« Տոքթ. Քէնէթ եւ Քարըն Տէմիրճեանները« երէցկին Աննան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժշ. Տ. Առաքել Քհնյ. Ալճալեանին« Կազմակերպիչ Յանձնախումբի անդամներուն եւ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերողներուն:

Փակման աղօթքով եւ միասնաբար երգուած «Հայր մեր» ով վերջ գտաւ ճաշկերոյթը:

Տ. ՅՈՎՆԱՆ ՔՀՆՅ. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Երկար տարիներ եղած է Հայ Եկեղեցւոյ անդամ: Գործօն դեր ստանձնած է Կիրակնօրեայ Վարժարանի եւ Երիտասարդաց Կազմակերպութեան մէջ: Պսակաւոր Արուեստից աստիճանը ստացած է Պոսթոն Գոլէճէն« եւ Աստուածաբանական Ուսմանց Մագիստրոսի աստիճանը` Հարվըրտի Աստուածաբանական Վարժարանէն: 1996-1998 տարիներուն ան Հայաստան ապրած է եւ կամաւորաբար ծառայած ԱՄՆ-ի «Peace Corps»ին: 2000-2003 տարիներուն վերադարձած է Հայաստան եւ կազմակերպած Հայկական Կամաւորներու Մարմինը« որուն պարտականութիւնը եղած է արտասահմանէն հայերու մասնակցութիւնը ապահովել Հայաստանի մէջ կազմակերպչական եւ կառուցողական աշխատանքներ կատարելու համար: Հայաստանի մէջ չափահասներուն դասաւանդած է Հայց. Եկեղեցւոյ հաւատքի հիմունքները: 2003-2006 տարիներու ան եղած է համակարգողը Առաջնորդարանի Գոլէճական Ուսանողներու Յայտագիրին« նոյն ատեն հետեւած է Ս. Ներսէս Ընծայարանի դասընթացներուն: Նորընծայ Տէր Յովհան Քհնյ. Տէմիրճեան« կարգ մը եկեղեցականներու հսկողութեամբ« քառասունքի շրջանը անցընելէ ետք Ս. Ներսէս Ընծայարանին մէջ` հոգեւոր հովիւ պիտի նշանակուի Սէյնթ Փիթըրզպուրկի (Ֆլորիտա) Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ:

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ