Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՊՈՔԱ ՌԱԹՈՆԻ ԵՒ ՀԱԼԻՎՈՒՏԻ (ՖԼՈՐԻՏԱ) ՄԷՋ
Երկուշաբթի Հոկտեմբեր 15« 2007
Ամենայն Հայոց Հայրապետը Պոքա Ռաթոն (Ֆլորիտա) կը ժամանէ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Իր շքախումբով Պոքա Ռաթոն (Ֆլորիտա) ժամանեց առաւօտեան ժամը 11:00-ին: Յետ միջօրէի ժամը 1:00-ին հանդիպում մը ունեցաւ Ս. Էջմիածնի Բարեկամներու Յանձնախումբի անդամներուն հետ: Այցելեց Ս. Դաւիթ Եկեղեցւոյ Ալեք եւ Մարի Մանուկեան Վարժարանը« ուր աշակերտները գործադրեցին կոկիկ յայտագիր մը: Իսկ ժամը 5:00-ին հանդիպում ունեցաւ երիտասարդներու հետ:
Երեկոյեան ժամը 7:00-ին` ամպհովանիի ներքեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը առաջնորդուեցաւ Ս. Դաւիթ Եկեղեցի« ուր տեղի ունեցաւ Հրաշափառի արարողութիւն: Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան բարի գալուստ մաղթեց Նորին Սրբութեան« որ Իր գնահատանքը եւ ուրախութիւնը յայտնեց ցուցաբերուած ընդունելութեան համար եւ ի մէջ այլոց ըսաւ. «Մենք տեսանք սիրելիներ որ դուք եւ ձեր հայրեր առ Աստուած նոյն հաւատարմութեամբ եւ առ հայրենին նոյն սիրով ապրել եւ շէնացրեր էք ձեր կեանքը հեռաւոր Միացեալ Նահանգներուն: Վկայ` ձեր եկեղեցիները« որոնք խօսում են ձեր առ Աստուած ունեցած հաւատի մասին` որից ոչինչ կարողացել է շարժել« ոչ մի դժուարութիւն« ոչ մի նեղութիւն« ոչ մի ցաւ ու տառապանք: Քրիստոսով դուք յաղթանակել էք« Քրիստոսով դուք կառուցել էք« շէնացրել ազգային եւ հոգեւոր ձեր կեանքը: Ձեր հաւատքի բարի պտուղներն են այն ամէնը` ինչ որ տեսանք Հովուապետական մեր այցելութեան ընթացքին Միացեալ Նահանգների իւրաքանչիւր ծուխ: Քիչ առաջ մենք եղանք Ալեք եւ Մարի Մանուկեան դպրոցում« եւ այնտեղ Մենք տեսանք Մեր նորահաս գանձերին« մեր բողբոջ գանձերին« ձեր զաւակները` որոնք եւ ձեր գանձերն են« ձեր սիրոյ ու գուրգուրանքի առարկան. եւ այդ գանձերը ձեր խնամքով« ձեր կրթութեամբ ու դաստիարակութեամբ« պիտի դառնան ազգի յաւերժական գանձեր« անկորնչելի գանձեր` մեր Հայրենիքի եւ մեր երկնաւոր հօր համար« Ով առանձնայատուկ շնորհ ունեցաւ մեր ազգի համար« Արարատի վրայ հանգեչրեց Նոյեան Տապանը` որտեղից երկրորդ անգամ ծնունդ առաւ մարդկութիւնը: Աստուած շնորհ առեց որ իր Միածին Որդին երկրորդ անգամ աշխարհ իջնի Հայոց երկրում` մեզ պարգեւելով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը»:
Յաւարտ արարողութեան` ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ Մարտիկեան սրահին մէջ` մասնակցութեամբ եկեղեցական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու:
Երեքշաբթի Հոկտեմբեր 16« 2007
Այցելութիւն Աթէնքի եւ Յունաստանի Արքեպիսկոպոսին
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին` Ամենայն Հայոց Սրբազանագոյն Կաթողիկոսը եւ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այցելեցին Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Ամեն. Տ. Քրիսթոտուլոսի« որ վիրաբուժական լուրջ գործութեան ենթարկուելէ ետք` հանգիստի շրջան մը կ
’անցընէր անձնական տան մը մէջ:Նորին Սրբութիւնը փափաքեցաւ անձամբ այցելել Ամեն. Տ. Քրիսթոտուլոս Արքեպիսկոպոսին եւ ապաքինման Իր մաղթանքները ներկայացնել: Տ. Քրիսթոտուլոս Արքեպիսկոպոսը մեծապէս զգածուած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի այցելութենէն` իր շնորհակալութիւնը յայտնեց որ Նորին Սրբութիւնը Իր ծանրաբեռնուած այցելութիւններու ընթացքին ժամանակ տրամադրած էր հանդիպելու իրեն եւ աղօթելու իրեն համար: Այս այցելութեան ներկայ էին նաեւ Թամփայի Յոյն Ընդհանուր Հիւպատոսը` Անտրէաս Փիչարիս« Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիէն երկու եպիսկոպոսներ« Արքեպիսկոպոսի դիւանապետը եւ օգնականները:
Ամենայն Հայոց Հայրապետը ըսաւ որ Յունաստանի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւնը ունեցող պատմութիւնն ու փոխադարձ յարգանքը մեծ նշանակութիւն ունին Իրեն համար: Անոնք միասնաբար յիշեցին 2006 թուականի իրենց հանդիպումը Իսթանպուլի մէջ` հրաւէրովը Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տիեզերական Պատրիարք Պարթոլիմիու Ա.ի եւ Կ. Պոլսոյ Աթոռի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Մեսրոպ Արք. Մութա
ֆեանի:Որպէս եղբայրական զգացումներու արտայայտութիւն` Հայոց Հայրապետը Արքեպիսկոպոսին նուիրեց հայկական խաչ մը եւ անոնք միասնաբար աղօթեցին Յունարէն եւ Հայերէն լեզուներով: Իսկ Տ. Քրիսթոտուլոս Արքեպիսկոպոսը Ամենայն Հայոց Հայրապետին նուիրեց արծաթեայ պնակ մը եւ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին` սրբանկար մը:
Ամեն. Տ. Քրիսթոտուլոս Արքեպիսկոպոս իր ուրախութիւնը յայտնեց որ Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնաժողովը Հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը ընդունած է:
Ամենայն Հայոց Հայրապետը ըսաւ որ քիչ ետք պիտի այցելէ Հալիվուտի (Ֆլորիտա) Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցին« ուր ներկայ գտնուող հաւատացեալներուն հետ պիտի աղօթէ Արքեպիսկոպոսի ապաքինման եւ կատարեալ առողջութեան համար:
Յունաստանի եւ Հայաստանի կապերը շատ զօրաւոր են թէ զգացական եւ թէ պատմական տեսակէտէ: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի հրաւէրով` Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քարոլոս Փափուլիսը եւ իր ազնիւ Տիկինը երեք օրուան այցելութեամբ 2007 թուականի Յունիս ամսուան ընթացքին Հայաստան գտնուեցան: 2000 թուականին ալ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Յունաստան հրաւիրուած էր:
Այցելութիւն Հալիվուտի (Ֆլորիտա) Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ
Առաւօտեան ժամը 11:00-ին` Ամենայն Հայոց Հայրապետը Իր շքախումբով այցելեց Հալիվուտի Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցին« ուր օրհնութիւնը կատարեց Խաչքարի: Ապա` կէսօրուան ճաշ սպասարկուեցաւ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ` ի ներկայութեան Նորին Սրբութեան եւ Իր շքախումբին« Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն« թեմական պատուիրակներուն եւ Հովուապետական Այցելութեան Յանձնախումբի անդամներուն: