Հոգեւոր Հովուութիւն Եթովպիոյ Հայոց

Կիրակի 24 Դեկտեմբեր 2006, Ատտիս Ապապայի Հայոց Ս© Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Խաղաղութեան աղօթք մասնակցութեամբ Յոյն եւ Եթովպիոյ Ուղղափառ եկեղեցիներու արքեպիսկոպոսներու, ինչպէս նաեւ Հնդիկ-Մալաբար եկեղեցւոյ եւ Եթովպիոյ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւորականներու: Յաւարտ Սուրբ Պատարագի Տէր Միւռոն Քհնյ© Սարգիսեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հոգեւոր ներկայացուցիչներուն կոչ ուղղելով միասնական աղօթքի վասն Խաղաղութեան աշխարհի: Տէր Հայրը իր խօսքին մէջ շեշտեց վերջին շրջանի Եթովպիոյ Ուղղափառ եկեղեցիներու միասնական աղօթքի օրերը Հայ Եկեղեցիէն ներս, հրաւիրելով բոլորին Եթովպիոյ Ուղղափառ եկեղեցիներու երկխօսութեան որպէս սկիզբ Եթովպիոյ Միջեկեղեցական խորհուրդի կազմաւորման, նախագահութեամբ Եթովպիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ հովուապետ Ն© Ս© Ապունա Փաուլոս Պատրիարքի: Տէր Հօր խօսքէն ետք ներկայ հոգեւորականները միասնաբար կարդացին խաղաղութեան աղօթքը պատրաստուած Տ© Միւռոն Քհնյ©ի կողմէ անգլերէն լեզուով :

Կիրակի 14 Յունուարի Ս© Պատարագի ընթացքին Եթովպահայութիւնը իր Համայնքէն ներս դիմաւորեց արտերկրէն ժամանած հայ բարերարներ ուղեկցութեամբ Ամերիկայի Իյօնա Քօլէճի Միջին Արեւելքի եւ Արեւելեան Եւրոպայի պատմութեան բաժնի Փրօֆէսօր Ճօրճ Բուրնութեանի: Հիւրերն էին` Տէր եւ Տիկին Տիգրան Հատճէթեան (Հայաստանի ՆՈՐԱՎԱՆՔ կոթողի բարերարներ, Գանատա), Տէր եւ Տիկին Հայկ Տիտիզեան (Նիւ Յօրքի Ս© Ներսէս Աստուածաբանական Ճէմարանի մէջ ԳԱՐԵԳԻՆ Ա Աստուածաբանական բաժնի հիմնադիր եւ բարերար), ինչպէս նաեւ Տէր եւ Տիկին Տոքթ© Ռաֆֆի Յովհաննէսեան (Ամերիկայի Արեւելեան թէմի թեմակալ խորհուրդի անդամ եւ բարերար): Վեցօրեայ այցելութեան ընթացքին անոնք այցելեցին Եթովպիոյ պատմական վայրերը ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունեցան Եթովպահայութեան հետ: Ուրբաթ 19 Յունուարին Ատտիս-Ապապայի Արարատ Մարմնամարզական ակումբէն ներս հիւրընկալուեցան համայնքի վարչութեան եւ հոգեւոր հովիւի կողմէ: Ընթրիքի ընթացքին Տէր Հայրը բարի երթի խօսք ուղղեց բարերարներուն աղօթելով առ Աստուած որ նման նուիրեալ անձինք բազում ըլլան մեր սփիւռքի հայութեան մէջ որոնք իրենց գործնական աղօթքով հաստատուն կը պահեն հայութեան ոգին եւ եկեղեցասիրութիւնը: Յանուն հիւրերուն տիկ© Շողակ Յովհաննէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքի անդամներուն գլխաւորութեամբ ատենապետին` Վարդգես Սրկ© Նալպանտեանին եւ հայմայնքի հոգեւոր հովիւ` Տ© Միւռոն քհնյ© Սարգիսեանին, եւ իր հիացմունքի եւ գնահատանքի խօսքը ուղղեց եկեղեցւոյ երգչախումբին եւ ծառայողաց: Տէր Միւռոն յիշատակի համեստ նուէրներ փոխանցեց հիւրերուն:

Կիրակի 21 Յունուարին Եթովպահայութիւնը սգաց «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքը: Յաւուր պատշաճի քարոզի ընթացքին Տէր Միւռոն ըսաւ «արդարութիւնը չեն կրնար լռեցնել © © © Հայոց Եղեռնի արդար եւ անմեղ նահատակներուն թիւը կաւելնայ այսօր Հրանդ Տինքով © © © 92 տարիներ կանցնին բայց կարծես յաթաղանը տակաւին կուշտ չէ © © © բայց որովհետեւ ճշմարիտ արդարութիւնը Աստուծոյ խօսքն է եւ արդարութեան ջատագովը եղած է նաեւ Հրանդ Տինք, ուստի կը հաւատանք որ Աստուծոյ օգնութեամբ Հրանդ Տինքի արդարութեան խօսքը պիտի իրականանայ եւ անմեղ հոգին լուսաւորուի երկնային արքայութեան մէջ»: Նահատակ Հրանդ Տինքի Հոգեհանգստեան պաշտօնը Եթովպահայութիւնը կատարեց Հայոց Եղեռնի յուշարձանի առջեւ, ներկայութեամբ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու, գլխաւորութեամբ Ուքրանիոյ Լվօվի եւ Կալիչինիայի Առաջնորդ Օգոստինոս Արքեպիսկոպոսին: Հիւր Արքեպիսկոպոսն իր կարգին խօսք ուղղեց ներկաներուն, շեշտելով որ հայ ազգի հանդէպ կատարուած անարդար ոճիռները պէտք է ճանչնան եւ մեղադրեն բոլոր երկիրները: Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր ներկայացուցիչներն եւս հոգեհանգստեան աղօթք կարդացին Եղեռնի յուշարձանի առջեւ: Յաւարտ Յուղարկաւորութեան Տ© Միւռոն շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Արքեպիսկոպոս Օգոստինոսի այցելութեան եւ ըսաւ «Ուղղափառ եկեղեցիները հիմնուած են նահատակութեամբ սուրբերու եւ այլ արդարներու յիշելով նաեւ 20-րդ դարը երբ Խորհրդային կառավարութեան ձեռքով նահատակուեցան աւելի քան 130 Ռուս Ուղղափառ եպիսկոպոսներ եւ հազարաւոր վանականներ եւ քահանաներ: Նահատակութեամբ մենք մեր առաքելադաւան հիմունքները կը վերանորոգենք եւ հաստատուն կը մնանք Քրիստոսի սիրոյ քարոզութեան»: Օգոստինոս Արքեպիսկոպոս իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց Տէր Հօր եւ հայ Համայնքին եւ անդրադարձաւ Ուքրանիոյ Հայ գաղութի սերտ յարաբերութեան մասին, ինչպէս նաեւ ըսաւ «Եթէ մենք չայցելէինք Հայ Եկեղեցին Եթովպիոյ մէջ, կարծես մեր առաքելութիւնը կատարեալ պիտի չըլլար»: