Եւրոպայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Կազմակերպութեան ներկայացուցչական հինգերորդ ժողովը
Սոյն թուականի նոյեմբերի 19-22-ը Աւստրիայի Վիեննա քաղաքին մէջ, հիւրընկալութեամբ կենտրոնական Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակի՝ Հո•շ. Տ. Հայկազուն ծ. Վարդապետ Նաջարեանի եւ Ազ•ային Եկեղեցական Հո•աբարձութեան, •ումարուեցաւ Եւրոպայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Կազմակերպութեան ներկայացուցչական հին•երորդ ժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ թեմերն ու հովուութիւնները. Ֆրանսայի Թեմը, Գերմանիոյ Թեմը, Ռումինիօ Թեմը, Հուն•արիոյ, Չեխիոյ, Սլովակիոյ հովուութիւնները, Հոլանտան` Ամստերդամ եւ Ալմելօ համայնքներով, Պէլճիքայի, Շուէտիայի, Իտալիոյ հովուութիւնները եւ ՀԵՀԵԿ կենտրոնական •րասենակի ատենապետ Պրն. Կարէն Պետրոսեանը:
Նոյեմբերի 19-ին ՀԵՀԵԿ-ի Եւրոպայի ներկայացուցչական ժողովի անդամները Վիեննայի Հայ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում մը ունեցան տեղի հայ համայնքի եւ երիտասարդներու հետ: Բարի •ալստեան խօսքեր արտասանե կենտրոնական Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ՝ Հո•շ. Տ. Հայկազուն ծ. Վարդապետ Նաջարեանը : Ներկաներուն իրենց օրհնութիւնները յղեցին ՀԵՀԵԿ եւրոպայի հո•եւոր պատասխանատու Հո•եշնորհ Տ. ԱռԷն Վարդապետ Շահենեանը, Վիեննայի Հո•եւոր Հովիւ՝ արժանապատիւ Տէր Անդրէաս քահանայ Իսախանեանը, Հուն•արիոյ, Չեխիոյ եւ Սլովակիոյ Հո•եւոր Հովիւ՝ Հո•եշնորհ Տ. Բարսեղ Վարդապետ Փիլաւչեանը եւ Վլասի Հո•եւոր Հովիւ՝ արժանապատիւ Տէր Անդրանիկ քահանայ Մալտճեան, Աստծոյ օ•նականութիւնը հայցելով կարեւոր այս •ումարումին յաջողութեանց համար: Իր հերթին Առէն Վրդ. Շահենեանը մասնաւոր կերպով անդրադարձաւ Հայոց Հայրապետ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարե•ին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ հաստատուած սոյն նախաձեռնութեանը, որպէս հիմնական առաքելութիւն մը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքոյ: Հետեւաբար, պարտ ենք նուիրական այս ծրա•իրը դարձնել մեր կեանքի նպատակն ու առաքելութիւնը:
Նոյեմբերի 20-ին առաւօտեան շարունակուեցաւ ՀԵՀԵԿ-ի Եւրոպայի ներկայացուցչական ժողովի առաջին նիստը, որուն նախա•ահեց Հո•շ. Տ. Հայկազուն ծ. Վարդապետ Նաջարեանը: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր Դեսպան Տիար Աշոտ Յովակիմեանը, ՀՀ Հիւպատոս Տիար Վահան Չարեխչեանը եւ Վիեննայի Ազ•ային Եկեղեցական Հո•աբարձութեան փոխ ատենապետ Տիկին Սապրինա Ստեփանեանը:
Յընթացս ժողովի քննարկուեցան ՀԵՀԵԿ Եւրոպայի ներկայացուցչական մարմիններու կազմակերպչական հարցերը, առաջիկա տարուայ •ործունէութեան պլանը եւ 2011Թ. Յուլիս 8-10 ՀԵՀԵԿ երկրորդ պատ•ամաւորական ժողովի կազմակերպութեան հետ առնչուած հարցերը:
Նոյեմբերի 21-ին առաւօտեան ժամը 11-ին, Վիեննայի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ յընթացս Սուրբ Պատարա•ի Սրբազան արարողութեան տեղի ունեցաւ պաշտօն հան•ստեան նուիրուած ՀԵՀԵԿ-ի երիտասարդ անդամներէն հան•ուցեալ Մանուէլ Մանուէլեանը: Յաւարտ պատարա•ի տեղի ունեցաւ նաեւ ՀԵՀԵԿ Եւրոպայի ներկայացուցչական մարմնի երիտասարդներու ուխտադրութեան արարողութիւնը: Երիտասարդներն ուխտեցին մնալ հաւատարիմ զաւակները Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ նուիրումով ծառայել այն առաքելութեան, որուն կոչուած են:
ՀԵՀԵԿ-ի Եւրոպայի ներկայացուցչական հին•երորդ ժողովը պշտօնապէս փակուեցաւ սուրբ պատարա•ով: Յընթացս պատարա•ի կենտրոնական Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ՝ Հո•շ. Տ. Հայկազուն ծ. Վարդապետ Նաջարեանը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ ՀԵՀԵԿ-ի աշխատանքներուն եւ յանուն Ազ•ային Եկեղեցական Հո•աբարձութեան յաջողութեան մաղթանքներ յղեց ժողովականներուն:
Դիւան
ՀԵՀԵԿ-ի Եւրոպայի ներկայացուցչական մարմնի