Եւրոպայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Կազմակերպութեան ներկայացուցչական հինգերորդ ժողովը Վիեննայի մէջ
Սոյն թուականի նոյեմբերի 19-22-ը Աւստրիայի Վիեննա քաղաքին մէջ, հիւրընկալութեամբ կենտրոնական Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակի՝ Հոգշ. Տ. Հայկազուն ծ. Վարդապետ Նաջարեանի եւ Ազգային Եկեղեցական Հոգաբարձութեան, գումարուեցաւ Եւրոպայի Հայ Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Կազմակերպութեան ներկայացուցչական հինգերորդ ժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ թեմերն ու հովուութիւնները. Ֆրանսայի Թեմը, Գերմանիոյ Թեմը, Ռումինիօ Թեմը, Հունգարիոյ, Չեխիոյ, Սլովակիոյ հովուութիւնները, Հոլանտան` Ամստերդամ եւ Ալմելօ համայնքներով, Պէլճիքայի, Շուէտիայի, Իտալիոյ հովուութիւնները եւ ՀԵՀԵԿ կենտրոնական գրասենակի ատենապետ Պրն. Կարէն Պետրոսեանը:
Նոյեմբերի 19-ին ՀԵՀԵԿ-ի Եւրոպայի ներկայացուցչական ժողովի անդամները Վիեննայի Հայ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում մը ունեցան տեղի հայ համայնքի եւ երիտասարդներու հետ: Բարի գալստեան խօսքեր արտասանե կենտրոնական Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ՝ Հոգշ. Տ. Հայկազուն ծ. Վարդապետ Նաջարեանը : Ներկաներուն իրենց օրհնութիւնները յղեցին ՀԵՀԵԿ եւրոպայի հոգեւոր պատասխանատու Հոգեշնորհ Տ. ԱռԷն Վարդապետ Շահենեանը, Վիեննայի Հոգեւոր Հովիւ՝ արժանապատիւ Տէր Անդրէաս քահանայ Իսախանեանը, Հունգարիոյ, Չեխիոյ եւ Սլովակիոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Բարսեղ Վարդապետ Փիլաւչեանը եւ Վլասի Հոգեւոր Հովիւ՝ արժանապատիւ Տէր Անդրանիկ քահանայ Մալտճեան, Աստծոյ օգնականութիւնը հայցելով կարեւոր այս գումարումին յաջողութեանց համար: Իր հերթին Առէն Վրդ. Շահենեանը մասնաւոր կերպով անդրադարձաւ Հայոց Հայրապետ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ հաստատուած սոյն նախաձեռնութեանը, որպէս հիմնական առաքելութիւն մը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքոյ: Հետեւաբար, պարտ ենք նուիրական այս ծրագիրը դարձնել մեր կեանքի նպատակն ու առաքելութիւնը:
Նոյեմբերի 20-ին առաւօտեան շարունակուեցաւ ՀԵՀԵԿ-ի Եւրոպայի ներկայացուցչական ժողովի առաջին նիստը, որուն նախագահեց Հոգշ. Տ. Հայկազուն ծ. Վարդապետ Նաջարեանը: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր Դեսպան Տիար Աշոտ Յովակիմեանը, ՀՀ Հիւպատոս Տիար Վահան Չարեխչեանը եւ Վիեննայի Ազգային Եկեղեցական Հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ Տիկին Սապրինա Ստեփանեանը:
Յընթացս ժողովի քննարկուեցան ՀԵՀԵԿ Եւրոպայի ներկայացուցչական մարմիններու կազմակերպչական հարցերը, առաջիկա տարուայ գործունէութեան պլանը եւ 2011Թ. Յուլիս 8-10 ՀԵՀԵԿ երկրորդ պատգամաւորական ժողովի կազմակերպութեան հետ առնչուած հարցերը:
Նոյեմբերի 21-ին առաւօտեան ժամը 11-ին, Վիեննայի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ յընթացս Սուրբ Պատարագի Սրբազան արարողութեան տեղի ունեցաւ պաշտօն հանգստեան նուիրուած ՀԵՀԵԿ-ի երիտասարդ անդամներէն հանգուցեալ Մանուէլ Մանուէլեանը: Յաւարտ պատարագի տեղի ունեցաւ նաեւ ՀԵՀԵԿ Եւրոպայի ներկայացուցչական մարմնի երիտասարդներու ուխտադրութեան արարողութիւնը: Երիտասարդներն ուխտեցին մնալ հաւատարիմ զաւակները Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ նուիրումով ծառայել այն առաքելութեան, որուն կոչուած են:
ՀԵՀԵԿ-ի Եւրոպայի ներկայացուցչական հինգերորդ ժողովը պշտօնապէս փակուեցաւ սուրբ պատարագով: Յընթացս պատարագի կենտրոնական Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ՝ Հոգշ. Տ. Հայկազուն ծ. Վարդապետ Նաջարեանը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ ՀԵՀԵԿ-ի աշխատանքներուն եւ յանուն Ազգային Եկեղեցական Հոգաբարձութեան յաջողութեան մաղթանքներ յղեց ժողովականներուն:
Դիւան
ՀԵՀԵԿ-ի Եւրոպայի ներկայացուցչական մարմնի