Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի պաշտօնական հաղորդագրույուն
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԹԻՒ 2
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի կարգապահութիւնը վերահաստատուած է 27 Հոկտեմբերի անհաճոյ միջադէպէն ի վեր‘ որու մասին Պատրիարքարանի պաշտօնական հաղորդագրութեամբ յայտնած էինք եւ որ հրապարակուեցաւ հայ մամուլին մէջ:
Ժառանգաւորներու խստապահանջ առօրեայ կեանքը կը շարունակուի իրենց ուսումնական դասերով եւ կրօնական պարտականութիւններով: Այս է աւանդական իրավիճակը այն երիտասարդներուն‘ որոնք Սրբոց Յակոբեանց Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի եօթնամեայ դասընթացքին մասնակցելով‘ կը պատրաստուին ձեռնադրուելու եւ նուիրուելու իրենց հոգեւորական ասպարէզին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ:
Ճեմարանիս Ուսումնական Խորհուրդը նշանակուած եւ լիազորուած Պատուարժան Տնօրէն Ժողովի կողմէ‘ խորհրդատու ըլլալ Ժառանգաւորաց Վարժարանի Տեսչութեան, կը զբաղի Վարժարանի ուսումնական կենցաղով, դաստիարակչական, կարգապահական եւ բարոյական հարցերով, խորհրդակցութեամբ Ամենապատիւ Թորգոմ Արք. Մանուկեան Սրբազան Պատրիարք Հօր: Ուսումնական Խորհուրդը կօժանդակէ Փոխ Տեսուչ Տ. Հայկազուն Աբեղայ Եղիայեանին‘ հսկելով ներքին կարգապահութեան եւ կրօնական եւ ուսումնական պարտականութիւններու կատարման: Ուսուցչական կազմը կը գումարէ իր հերթական ժողովները‘ վերաքննելու ժառանգաւորներու դաստիարակչական յառաջդիմութիւնը եւ բարոյական վարքը, ըստ Ճեմարանի կրթական պահանջներուն:
ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ