ԳԵՐՇ© Տ© ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ© ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՕԾՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՕՐԼԱՆՏՈՅԻ (ՖԼՈՐԻՏԱ) Ս© ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

ԳԵՐՇ© Տ© ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ© ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՕԾՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՕՐԼԱՆՏՈՅԻ (ՖԼՈՐԻՏԱ) Ս© ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 09.06.2010

Շաբաթ Յունիս 5 եւ Կիրակի Յունիս 6 օրերը պատմական եւ հոգեկան անխառն ուրախութեան օրեր եղան Օրլանտոյի (Ֆլորիտա) եւ շրջակայքի հաւատացեալներուն համար` երբ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ© Տ© Խաժակ Արք© Պարսամեան Նաւակատիքի արարողութիւնը կատարեց (Շաբաթ օր) եւ օծումը (Կիրակի օր) նորակառոյց Ս© Յարութիւն Եկեղեցւոյ:

Օրլանտոյի ծուխը հաստատուած 1985 թուականի Մայիս 7-ին` օրուան առաջնորդ եւ այժմու Երուսաղէմի Առաքելական Աթոռի Պատրիարք Տ© Թորգոմ Արք© Մանուկեանի կողմէ: Ծուխի կազմութեան առաջին օրէն աշխատանքներ տարուեցան որպէս զի ծուխը ունենայ իր աղօթքի սեփական տունը: Տարիներու ընթացքին ծուխի անդամներուն թիւը հետզհետէ աճեցաւ եւ եկեղեցւոյ մը կարիքն ու պահանջքը շատ աւելի զգալի դարձաւ: Շնորհիւ կարգ մը նուիրեալ անձերու աշխոյժ գործունէութեան եւ ժրաջանութեան ի վերջոյ քառորդ դարու երազը իրականութեան վերածուեցաւ եւ 2009 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին Առաջնորդ Գերշ© Տ© Խաժակ Արք© Պարսամեան կատարեց Օրլանտոյի Ս© Յարութիւն Եկեղեցւոյ հիմնաքարերու օրհնութիւնը: Եւ ահա մօտաւորապէս ութը ամիս ետք` կատարուեցաւ օծումը Ս© Յարութիւն նորակառոյց Եկեղեցւոյ:

ՆԱՒԱԿԱՏԻՔ

Շաբաթ Յունիս 5 (2010) յետ միջօրէի ժամը 6-ին տեղի ունեցաւ նորակառոյց Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Նաւակատիքի արարողութիւնը` հանդիսապետութեամբ թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի` իր շուրջը ունենալով Ս. Վարդան Մայր Տաճարի Լուսարարապետ Արժշ. Տ. Մարտիրոս Քհնյ. Չեւեան (որ իր խորհուրդներով գնահատելի մասնակցութիւն բերած է եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքներուն)« Հալիվուտի (Ֆլորիտա) Ս. Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժշ. Տ. Վարդան Քհնյ. Ջուլֆայեան« Սէյնթ Փիթըրզպըրկի (Ֆլորիտա) Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժշ. Տ. Յովնան Քհնյ. Տէմիրճեան եւ Լիվինկսթընի (Նիւ Ճըրզի) Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժշ. Տ. Շնորհք Քհնյ. Սուին: Ներկայ էին նաեւ Միացեալ Նահանգաց Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Տիար Թաթուլ Մարգարեան եւ իր ազնիւ Տիկինը« Եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Տիար Հրաչ Թուֆայեան եւ իր ազնիւ Տիկինն ու ընտանիքի անդամները« Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Տիար Օսկըր Թադոսեան« Թեմական Խորհուրդի փոխ-ատենապետ Տոքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեան եւ ազնիւ Տիկինը« Առաջնորդարանի զարգացման ծրագիրի համակարգող Տոքթ. Սամ Միքայէլեան« ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու յոգնախուռն բազմութիւն մը:

«Հրաշափառ»ի երգեցողութեանէն ետք` «Զողորմութեան դուռն բաց մեց Տէր» շարականով բացուեցան նորակառոյց Եկեղեցւոյ դռները եւ բոլորը մուտք գործեցին եկեղեցի« ուր տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն: Ապա« բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան եկեղեցւոյ հանդիսարահը« ուր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կօծէ Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Խորանը (ձախին` Արժշ.
Տ. մարտիրոս Քհնյ. Չեւեան« աջին` Արժշ. Տ. Յովնան Քհնյ. Տէմիրճեան)

ՕԾՈՒՄ ԵՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Կիրակի Յունիս 6« առաւօտեան ժամը 10:00-ին` «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան թափօրով մուտք գործեց Ս. Յարութիւն Եկեղեցի: Սրբազան Հայրը Սրբալոյս Միւռոնով նախ օծումը կատարեց Ս. Խորանին եւ ապա Եկեղեցւոյ պատերուն վրայ զետեղուած խաչերուն: Օծուեցան նաեւ մկրտարանը եւ Ս. Խորանի սրբանկարը:

Օծման արարողութեանէն ետք` Նորին Սրբազնութիւնը խօսեցաւ օրուան խորհուրդին մասին« շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ պաշտօնական հիւրերուն« բարերարներուն եւ նորակառոյց Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ժրաջան անդամներուն: Ան քարոզին բնաբան ընտրած էր «Էջմիածին» շարականի հետեւեալ տողերը. «Եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ« քանզի ի սմա ծագեաց մեզ լոյս ի Հայաստան աշխարհի»: Ան ըսաւ. «Ինչ գեղեցիկ զուգադիպութիւն որ այսօր Հայց. Եկեղեցին կը նշէ Կաթուղիէ Ս. Էջմիածնի տօնը« եւ մեզի համար շատ կարեւոր այս տօնին օրը օծումը կատարուեցաւ նորակառոյց հայկական եկեղեցւոյ մը« որ անունուեցաւ Ս. Յարութիւն: Այսօրուան տօնը մեզի կը վերյիշեցնէ այն կարեւորագոյն դէպք-հրաշքը որ ամբողջութեամբ փոխեց մեր ժողովուրդին կեանքը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տեսիլքը« երբ Միածին Որդին երկինքէն իջաւ եւ ոսկեայ մուրճով հարուածեց այն վայրը` որուն վրայ ապագային կանգնեցաւ քրիստոնէական աշխարհի առաջին եկեղեցին` Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարը: Իր տեսիլքէն ետք` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կոչ ուղղեց բոլորին` որպէս զի իրենց մասնակցութիւնը բերեն Մայր Տաճարի կառուցման: Թագաւոր« թագուհի« պալատականներ եւ պարզ ժողովուրդը անսացին այդ կոչին եւ կերտեցին Հայ ժողովուրդի լոյսի խորանը: Անմիջապէս ըեմ որ "լոյսի խորանը" չի նշանակէր միայն մարմարեայ եւ քարէ շէնքը« ուր կը տեսնենք սրբանկար« խաչ եւ մոմ« այլ կը նշանկէ գլխաւորաբար քրիստոնեայ մարդը ինքնին: "Լոյսի խորան" կառուցանել կը նշանակէ կերտել մարդ արարածին միտքը« սիրտը եւ հոգին քրիստոսատիպ նկարագրով` որպէս զի մեզմէ ամէն մէկուն կեանք« որպէս հետեւորդները Յիսուս Քրիստոսի եւ զաւակները Հայց. Եկեղեցւոյ« լոյսի տարածման դաշտ մը դառնայ: "Լոյսի խորան"ի ճարտարապետը Աստուած ինքն է« սակայն Ան մեզի կարելիութիւնը կու տայ« որպէս զի հետեւելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կոչին« կառուցանենք հազարաւոր քարէ "լոյսի խորաններ" եւ Քրիստոսի օրինակով մեր լուսաւորեալ միտքով« սիրտով եւ հոգիով միշտ փառաբանենք մեր Արարիչը: "Լոյսի խորանը" Քրիստոսի ներկայութիւնն է մեր մէջ. եւ այդ ներկայութեան զօրութիւնն է որ մեզ զրահած է տոկալու եւ պայքարելու չար ուժերուն դէմ« որոնք փորձած են մեզ հեռացնել մեր հաւատքէն« մեր եկեղեցիէն եւ մանաւանդ մեր Քրիստոսէն: Մեր պատմութեան մէջ օրինակները շատ են այս կապակցուեամբ. յիշեմ միայն Վարդանանց Պատերազմը« ուր "ոչ հուրը եւ ոչ ալ սուրը" կրցան մեր հաւատքին մէջ մեզ ծունկի բերել: Մօտ ամիս մը առաջ համայն հայ գաղութներուն մէջ ոգեկոչեցինք Մեծ Եղեռնի 95-ամեակը. հակառակ անոր որ մէկ ու կէս միլիոնէ աւելի անմեղ զոհեր խլուեցան մեզմէ` սակայն մենք "կանգ« պիտի մնանք ու դեռ շատանանք": Քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն վերապրողներ ուր որ ալ գացին պահեցին իրենց հաւատքը« ազգային ինքնութիւնն ու այլոց օգտակար հանդիսանալու ազնիւ պատրաստակամութիւնը: Տարիներ առաջ այս հիւրընկալ ափերը բնակութիւն հաստատեցին կարգ մը հայեր« որոնց հետագային միացան ցեղասպանութենէն վերապրողներ: Անոնց առաջնահերթ մտահոգութիւնը եղաւ ունենալ աղօթքի տուներ եւ կրթարաններ` որպէս զի ամերիկահայ նոր սերունդին մօտ վառ մնան նախնեաց հաւատքը եւ ազգային ոգին ու ինքնագիտակցութիւնը: Հարիւր քսան տարի ետք« Ամերիկայի այս ափերուն վրայ ունինք աւելի քան 150 "լուսոյ խորան" եկեղեցիներ« ուր կերթանք պաշտելու մեր հաւատքը եւ փառաբանելու մեր Տէրը: Եւ այսօր« ահա Օրլանտոյի այս շրջանին մէջ սրբալոյս Միւռոնով օծեցինք հայկական գեղակերտ եկեղեցի մը եւ զայն կոչեցինք Ս. Յարութիւն« որ կը խորհրդանէ Հայ ժողովուրդի յաղթական յարութիւնը` պատմութեան ընթացքին անոր կրած բազմաթիւ տառապանքներէն« չարչարանքներէն եւ սպանութիւններէն:

. . . Ուրախ ու երջանիկ ենք որ այսօր մեր մէջ կը գտնուի Մացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Տիար Թաթիւլ Մարգարեանը« իր ազնիւ տիկնոջ հետ: Անոր ներկայութիւնը մենք կընդունինք որպէս մեր ազատ ու անկախ Հայրենիքի ներկայութիւնը մեր մէջ: Այս երեւոյթը լաւագոյն արտայայտութիւնն է եկեղեցի-պետութիւն ջերմ յարաբերութեան եւ շարունակութիւնը անցեալ դարերէն մեզի հասած սրբազան աւանդութեան: Մեզի հետ են նաեւ Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Տիար Հրաչ Թուֆայեան եւ իր ազնիւ Տիկինն ու հարազատները:

. . . Իմ մաղթանքս է որ Օրլանտոյի մեր ծուխը շարունակէ ստանալ նոր կեանքի աստուածային օրհնութիւնները: Եւ թող Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցին ծառայէ որպէս փոխակերպող ուժը Սուրբ Յարութեան այս համայնքին եւ Թեմին մէջ:»

Առաջնորդ Սրբազան Հօր խօսքէն ետք` սկիզբ առաւ Ս. Պատարագը: Երգեցողութիւնը ղեկավարեց եւ երգեհոնը նուագեց Ս. Վարդան Մայր Տաճարի դպրաց դասի խմբավար Խորէն Մէյխանէճեան« երգեցողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Ս. Վարդան Մայր Տաճարի դպրաց դասի մեներգչուի Մարօ Փարթամեան:

Նորակառոյց Ս© Յարութիւն Եկեղեցւոյ օծման առիթով` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն©Ս©Օ©Տ©Տ© Գարեգին Բ© Իր Հայրապետական օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրէն մէջ կÿըսէր© «© © © Սիրելի հաւատացեալ զաւակներ մեր« գոհաբանական աղօթք է Հայրապետիս շուրթերին« որ Միածնի Իջման Սուրբ Սեղանի առջեւ բարձրացնում ենք առ Աստուած ձեր հաւատի« աստուածասիրութեան ու ազգասիրութեան« դէպի եկեղեցի ձեր սիրոյ ու աննուազ նախանձախնդրութեան համար« որոնց շնորհիւ ծնունդ է առել Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցին: Տակաւին 25 տարիներ առաջ հիմնուած Օրլանտոյի ծուխը« չունենալով իր աղօթատունը« միշտ ապրեց ու անվարան գործեց եկեղեցի կառուցելու նուիրական տեսիլքով: Մեր ժողովրդի զաւակների աղօթքները լսելի եղան Աստծուն« եւ Բարձրեալի օրհնութեամբ եկեղեցու կառուցման աստուածահաճոյ ծրագիրը պսակուեց յաջողութեամբ: Սրբալոյս Միւռոնով օծուած Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցին այսուհետեւ իր կամարների ներքոյ պիտի միաւորի ձեզ ու ձեր զաւակներին` ծառայելով Քրիստոսի Սուրբ Աւետարանի տարածման եւ հաւատքի ու ազգային ինքնութեան զօրացման ու պահպանման նուիրական առաքելութեամբ:» Ապա« Նորին Սրբութիւնը Իր գոհունակութիւնն ու գնահատանքը կը յայտնէր Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ© Տ© Խաժակ Արք© Պարսամեանի« Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ բարերարներ Հրաչ եւ Սիւզըն Թուֆայեաններուն« եկեղեցւոյ կառուցումը նախաձեռնող խումբի անդամներուն« նուիրատու եւ աջակից հաւատացեալներուն եւ Օրլանտոյի ու շրջակային մէջ բնակութիւն հաստատած աստուածասէր հայերուն:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կը քարոզէ. դասին մէջ ձախին եկեղեցական շապիկով`
Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Տիար Հրաչ Թուֆայեան եւ Տիկինը
եւ Դեսպան Թաթուլ Մարգարեան եւ տիկինը

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ` Պուէնա Վիսթա Փալաս Հոթէլի շքեղ սրահին մէջ: Օրուան հանդիսավարն էր Տոքթ. Ալպէրթ Էքեան: Բացման խօսքը կատարեց Ս. Յարութիւն Եկեղեփցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Տիար Արամ Նազարեան: Գործադրուեցաւ գեղարուեսատակն յայտագիր մը« որուն ընթացքին Մարօ Փարթամեան երեք երգեր մեկնաբանեց` դաշնամուրի ընկերակցութեամբ խմբավար Խորէն Մէյխանէճեանի« դաշնամուր նուագեց Սառա Նազարեան եւ վիոլա` Սամանթա Ճորճ: Այս առիթով Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Առաջնորդարանի Ս. Վարդան մրցանակը յանձնեց Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Տիար Արամ Նազարեանի: Ելոյթ ունեցան նաեւ Դեսպան Թաթուլ Մարգարեան եւ Թեմական Խորհուրիդ ատենապետ Տիար Ասկըթ Թադոսեան: Փակման խօսքէն առաջ` Սրբազան Հայրը իր խորին գնահատանքը յայտնեց ծուխի նուիրեալ անդամուհի Տիկ. Լուսին Մարտիրոսեան-Հարվիի« որ Օրլանտոյի ծուխի երազի իրականացման ճամբուն մէջ մեծ եւ գլխաւոր բաժինը ունեցած է: Տարիներ շարունակ իր անխոնջ ջանքերով ու նուիրումով ան առկայծ պահած է սեփական եկեղեցի մը ունենալու գաղափարը« եւ այսօր ամենամեծ հաճոյքով կը վայելէ իր փայփայած երազին իրականացումը: Ապա« Սրբազան Հայրը յայտարարեց որ ի գնահատութիւն Տիկ. Մարտիրոսեան-Հարվիի տարած գնահատելի ջանքերուն` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. իրեն շնորհած է Հայրապետական Օրհնութեան Գիր եւ Ս. Ներսէս Շնորհալի շքանշան: Նորին Սրբութեան Օրհնութեան Գիրը կարդաց Արժշ. Տ. Վարդան Քհնյ. Ջուլֆայեան իսկ Ս© Ներսէս Շնորհալի շքանշանը յանձնեց Գերշ© Տ© Խաժակ Արք© Պարսամեան:

Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը Իր Օրհնութեան Գիրին մէջ կÿըսէր© «Լուսոյ խորան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնից յղում ենք Ձեզ Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ու սրտաբուխ բարեմաղթանքները: Անձնապէս ճանաչում ենք Ձեզ եւ գնահատանքի Մեր խօսքն ենք բերում հաւատաւոր հայուհուդ` ազգային եւ եկեղեցական մեր կեանքից ներս ծաւալած Ձեր բեղուն գործունէութեան համար: Գոհունակութիւն է Հայրապետիս համար« որ Օրլանտօ քաղաքում բնակեալ հայ համայնքը տարիների ջանադիր ու նուիրեալ աշխատանքի շնորհիւ կառուցեց իր եկեղեցին: Ծուխի ստեղծման ու եկեղեցու կառուցման ակունքներում էք Դուք« սիրելի Տիկ© Մարտիրոսեան-Հարվի« որ անսասան հաւատքով տարիներ շարունակ կանգուն պահեցիք համայնքը եւ քաջալերեցիք մեր ժողովրդի զաւակներին` զոհողութիւններով ու յանձնառութիւններով յետամուտ լինել աստուածահաճոյ ու եկեղեցաշէն այս իրագործումը: © © ©Հոգու խնդութեամբ ենք անդրադառնում նաեւ Հայրենի մեր Երկրի զօրացմանը մասնակցութիւն բերելու Ձեր ազնիւ պատրաստակամութեանը: Բազմաթիւ անգամներ այցելելով Հայաստան« Դուք մեծ օգտակարութիւն էք բերել հայրենաբնակ կարիքաւոր մեր զաւակներին« աջակցելով սոցիալական խնդիրների յաղթահարմանը:»

Շքանշանի յանձնումէն ետք` Տիկ. Լուսին Մարտիրոսեան-Հարվի յուզումով շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Հայրապետին եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր` իրեն ընծայուած այս բարձր պատիւին համար եւ խոստացաւ շարունակել իր եկեղեցանուէր աշխատանքները:

Ներկաներուն կողմէ երգուած «Տէրունական աղօթք»ով եւ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի «Պահպանիչ»ով իր աւարտին հասաւ Օրլանտոյի ծուխին եւ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին համար այս պատմական եւ սրտապնդիչ իրադարձութիւնը:

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Յունիս 7« 2010
Նիւ Եորք« Ն.Ե.