Բարձրաշնորհ Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեան վերահաստատուեցաւ որպէս Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ

ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Գոհունակ ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ 26 եւ 27 Յունիս 2010 թուականներուն Առաջնորդարանիս մէջ ի Քէօլն տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմական պատգամաւորական հերթական Ժողովը` նախագահութեամբ գերմանիոյ հայոց բարեջան առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեանի: Ժողովին ներկայ գտնուեցան գերմանահայոց եկեղեցական համայնքներու ընտրեալ պատգամաւորները, ինչպէս նաեւ հոգեւորականաց դասը, թիւով 39 պատգամաւորներ:

Երկօրեայ նիստերու ընթացքին Թեմական-Պատգամաւորական Ժողովը քննարկեց օրակարգային զանազան հարցեր: Պատգամաւորներուն ներկայացուեցաւ Առաջնորդարանի գործունէութեան 2009 թուականի տեղեկագրու թիւնը, ինչպէս նաեւ նիւթական հաշուետւութիւնը: ԹՊԺ-ի նիստերու երկօրեայ օրակարգը կը ներառնէր ի մասնաւորի ներքոյիշեալ հարցերը` Առաջնորդարանի անդամակցութիւնը, Թեմիս 2009 թուականի հոգեւոր գործունէութիւնը, Առաջնորդարանը եւ գերմանահայ երիտասարդութիւնը, Առաջնորդարանի փոխյարաբերութիւնները ՀՀ Գերմանիոյ Դեսպանութեան, ինչպէս նաեւ գերմանահայ կարեւոր հաստատութիւններու հետ, Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդին հաստատումը` պաշտօնավարութեան յառաջիկայ 7 տարիներու համար եւլն:

Ներկայացուած նիւթերու շուրջ տեղի ունեցան բաց, աշխոյժ եւ օգտակար քննարկումներ, յայտնուեցան եւ մշակուեցան զանազան առաջարկութիւններ, որոնք յանձնուեցան Թեմական Խորհուրդին ապագայ քննարկումներու եւ ի պահանջել հարկին գործադրութեան համար:

ԹՊԺ-ը մասնաւոր ուշադրութեամբ քննարկեց մանաւանդ հայ երիտասարդ նոր սերունդին հոգեւոր եւ հայեցի դաստիարակութեան, անոնց Առաջնորդարանի անդամակցութեան, Առաջնորդարանիս եւ համայնքներու մէջ անոնց դերակատարութեան հարցերը: Գոհունակութեամբ ընդգծուեցաւ, որ ԹՊԺ-ի երկօրեայ նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տարբեր համայնքերէ ժամանած երիտասարդ պատգամաւորներ եւ այլ հիւր երիտասարդներ, որոնց առիթ տրուեցաւ արտայատելու իրենց կարծիքը, տեսակէտն ու սպասելիքները: Ուրախալի էր հաստատել, որ ներկայ երիտասարդները իրենց հաւատարմութիւնն ու սէրը յայտնեցին Հայ Եկեղեցւոյ վերաբերեալ` Եկեղեցին նկատելով իրենց ինքնութեան կարեւորագոյն մէկ մասը:

Բնականօրէն քիչ չէին նաեւ առաջարկներն ու սպասելիքները` յուսալով, որ երիտասարդներու ձայնը լսելի պիտի դառնայ եւ Առաջնորդարանը իր կարելին պիտի ընէ ներկայ դարուն համաշխարհայնացման պայմաններու մէջ երիտասարդութիւնը գրաւելու դէպի եկեղեցին եւ իր ինքնութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ երիտասարդութեան ներգրաւումը գերմանահայ մշակութային եւ եկեղեցական կեանքէն ներս է եւ կը մնայ թէ Առաջնորդարանին եւ թէ հայկական միւս կազմակերպութիւններու կարեւորագոյն մարտահրաւէրներէն մէկը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց այս ուղղութեամբ շարունակելու Առաջնորդարանի համագործակցութիւնը հայկական բոլոր շահագրգիռ հաստատութիւններու հետ:

Առաջնորդ Գարեգին Սրբազան եւ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Տոքթ. Սարգիս Քէհեաեան պատգամաւորներուն տեղեկութիւններ փոխանցեցին անցեալ հոկտեմբեր ամսուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հրաւէրով եւ նախագահութեամբ տեղի ունեցած Թեմական-Ներկայացուցչական Ժողովի եւ անոր ընթացքին ընդունուած որոշումներու մասին: Նշուեցաւ, որ Մայր Աթոռին մէջ տեղի ունեցած ժողովին հիմնական նպատակն էր քննարկել եւ Վեհափառ Հայրապետի հաստատման ներկայացնել թեմական նոր կանոնադրութեան ուղենիշները, որոնց հիման վրայ Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր թեմերը, եւ բնականաբար նաեւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմը, յառաջիկայ երկու տարիներու ընթացքին պիտի մշակեն թեմական նոր կանոնադրութիւններ եւ ներկայացնեն Հայոց Հայրապետի վաւերացման:

ԹՊԺ-ի երկրորդ օրը տեղի ունեցաւ Թեմակալ Առաջնորդի հաստատման փակ եւ գաղտնի քուէարկութիւնը` պաշտօնավարութեան յետագայ եօթը տարիներու համար, համաձայն թեմական կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն:

Քուէարկութեան մասնակցած 39 պատգամաւորներէն 38-ը իրենց վստահութիւնը յայտնեցին Թեմակալ Առաջնորդին եւ Բարձրշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեան վերահաստատուեցաւ առաջնորդական պաշտօնավարութեան յաջորդ ժամանակաշրջանին համար:

Պատգամաւորներու բուռն ծափահարութիւններու ներքոյ Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց իր պատրաստակամութիւնը շարունակելու առաջնորդական իր պաշտօնը եւ հրաւիրեց բոլորին միասնական ու ներդաշնակ ծառայութեամբ լծուիլ աշխատանքի` ի սպասաւորութիւն Աստուծոյ եւ ի բարօրութիւն մերազն ժողովուրդի:

Շնորհակալական իր խօսքին մէջ Գարեգին Սրբազան ներկաներուն նաեւ տեղեկացուց, որ ինք Հոգշ. Սերովբէ Վարդապետ Իսախանեան յետայսու պաշտօնապէս կը նշանակէ առաջնորդական փոխանորդ եւ վստահութիւն յայտնեց, որ Հայր Սուրբը, ինչպէս անցած 15 տարիներու ընթացքին, նաեւ յառաջիկային պիտի շարունակէ իր նուիրեալ ծառայութիւնը Թեմէն ներս` միւս հոգեւորականներու հետ միասին ըլլալով իր գործակիցն ու օգնականը ծառայական աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ:

Ներկաները գոհունակութեամբ ընդունեցին Առաջնորդ Սրբազանի որոշումը եւ ծափահարութիւններով իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին նորանշանակ առաջնորդական փոխանորդին: Սերովբէ Վարդապետ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Գարեգին Սրբազանին ցուցաբերած վստահութեան եւ գնահատանքի համար եւ հայցեց Աստուծոյ օրհնութիւնն ու օգնականութիւնը` իր նոր պատասխանատւութիւնը արդիւնաշատ ձեւով իրագործելու համար:

Դիւան Առաջնորդարանի
28 Յունիս 2010