ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՍԷՅՆԹ ՓԻԹԸՐԶՊՈՒՐԿԻ (ՖԼՈՐԻՏԱ) ՄԷՋ
Շաբաթ Հոկտեմբեր 13« 2007
Դռնբացէքի արարողութիւն Սէյնթ Փիթըրզպուրկի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ
Ամենայն Հայոց Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Իր շքախումբով Սէյնթ Փիթըրզպուրկ ժամանեց Շաբաթ Հոկտեմբեր 13« յետ միջօրէի ժամը 4:00-ին: Նորին Սրբութիւնը դիմաւորելու եկած էին շրջանի հոգեւորականները« Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ ծխական Խորհուրդի անդամներ« դպրոցական աշակերտներ եւ հաւատացեալներ: Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ներկաները եւ կատարեց աղ ու հացի օրհնութիւնը:
Երեկոյեան ժամը 7:30-ին` ի ներկայութեան հիւր եկեղեցականներու եւ հոծ թիւով հաւատացեալներու Ամենայն Հայոց Հայրապետը կատարեց նորակառոյց Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ դռնբացէքի արարողութիւնը« որուն աւարտին եկեղեցական դասն ու հաւատացեալներ մուտք գործեցին եկեղեցի:
Նորին Սրբութիւնը եւ եպիսկոպոսներ տեղ գրաւեցին Ս. Խորանին վրայ« ուրկէ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան բարի գալուստ մաղթեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ ի մէջ այլոց ըսաւ. «Այսօր մենք ականատես կ
’ըլլանք հրաշքի մը իրագործման: Իրապէս հրաշք մըն է« որովհետեւ տասը ամիս առաջ այս եկեղեցիին վայրը գեղեցիկ հողի շերտ մըն էր` գնուած տեսլապաշտ ծխականներու կողմէ` ապագային եկեղեցի մը կառուցելու մտադրութեամբ: Աստուծոյ հաւատքը իրենց սրտերուն մէջ` ծուխի հաւատաւոր եւ նուիրեալ անդամները ամէն զոհողութիւն յանձն առնելով տասը կարճատեւ ամիսներու ընթացքին կառուցին այս գեղեցիկ եկեղեցին« որուն դռնբացէքի արարողութիւնը կատարեց Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը»:Ի պատասխան Առաջնորդ Սրբազան Հօր խօսքին` Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Այս օրը պատրաստուած է մեզ համար Տիրոջ կողմից. եկէք ցնծանք« ուրախանանք այս օրը: Սիրելի բարեպաշտ զաւակներ Մեր« հովուապետական Մեր երկրորդ այցն ենք կատարում Միացեալ Նահանգաց Արեւելեան Թեմին: Եկել ենք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնից« եկել ենք որպէս զի այս օրը« աստուածապարգեւ այս օրը« կատարեալ լինի մեր ուրախութիւնը. Հայրապետ եւ հաւատացեալ հօտ« եպիսկոպոսներ« հոգեւորականներ միասին աղօթքով բանանք դռները նորակառոյց այս եկեղեցու« որ Աստուծոյ պարգեւն է Մեր զաւակներին` Ֆլորիտայ Սէյնթ Փիթըրզպուրկում ապրող: Փառք եւ գոհութիւն Աստուծոյ` որ վերազարթօնքի նոր դար է բացել Մեր ժողովուրդի համար»:
Արարողութեան աւարտին` բոլոր ներկաները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ սրահը« ուր ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ եւ հաւատացեալները առիթը ունեցան մօտենալու Ամենայն Հայոց Հայրապետին« Անոր Աջը համբուելու եւ օրհնութիւնները ստանալու:
Կիրակի Հոկտեմբեր 14« 2007
Ամենայն Հայոց Հայրապետը օծեց նորակառոյց Ս. Յակոբ Եկեղեցին
Սէյնթ Փիթըրզպուրկի եւ շրջակայի Հայ հաւատացեալներուն համար պատմական եւ յիշատակելի երկրորդ օրը սկսաւ Կիրակի Հոկտեմբեր 14« առաւօտեան ժամը 10:30-ին« երբ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը Իր շքախումբով ժամանեց եւ կատարեց նորակառոյց Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ օծումը: Յոգնախուռն բազմութիւն մը գրաւած էր եկեղեցւոյ նստարանները. ներկայ էին նաեւ Հայաստանի եւ ամերիկեան բանակներուն մէջ սպասարկող Հայ զինուորականներ: Պահը խորհրդաւոր էր` երբ Նորին Սրբութիւնը շարականներու երգեցողութեան ներքեւ կը կատարէր օծումը« որուն յաջորդեց Հայրապետական Ս. Պատարագի մատուցումը առընթերակայութեամբ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի եւ Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այգազեանի« որոնք իրենց կարգին օծեցին եկեղեցւոյ պատերուն զետեղուած խաչերը: Երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը` ղեկավարութեամբ յատկապէս Նիու Եորքէն ժամանած եւ Ս. Վարդան Մայր Տաճարի դպրապետ խմբավար Խորէն Մէյխանէճեանի:
Ս. Պատարագի աւարտին` Ամենայն Հայոց Հայրապետը նորաօծ եկեղեցւոյ նուիրեց սկիհ մը« եւ Հայրապետական սրբատառ Կոնդակ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շքաշնան շնորհեց Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ գլխաւոր կնքահայր Տիար Կրեկըրի Էքիզեանի:
Երբ Նորին Սրբութիւնը եկեղեցիէն դուրս ելաւ` ճերմակ առաւնիներ արձակուեցան դէպի երկինք` ցնծութեան եւ ուրախութեան ի նշան:
Հանդիսաւոր ճաշկերոյթ
Յետ միջօրէի ժամը 3:00-ին շքեղ սրահի մը մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ճաշկերոյթ« որուն ընթացքին խօսք առին Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Արսէն Պայանտըրեան եւ Կրեկըրի Էքիզեան եւ իր սրտի խօսքը ըսաւ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ որ եկեղեցին կը կառուցենք նախ փառք տալու համար Աստուծոյ« Անոր օրհնութիւնները ստանալու« պահելու Անոր պատուիրանները եւ հետեւելու անոնց« եւ երկրորդ` եկեղեցւոյ միջոցաւ պահելու մեր ազգային ինքնութիւնը: