ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԳԼԻՎԼԸՆՏԻ (ՕՀԱՅՕ) ԵՒ ՄՈՒԻԼՈՒՈՔԻԻ ԵՒ ՌԷՅՍԻՆԻ (ՈՒԻՍՔԱՆՍԸՆ) ՄԷՋ
Ժամանում Գլիվլընտ
Երկուշաբթի Հոկտեմբեր 22« կէսօրուան ժամը 12:00-ին` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Հայրապետը եւ Իր շքախումբը փոխադրող օդանաւը ժամանեց Գլիվլընտի օդանաւակայանը« ուր Նորին Սրբութիւնը դիմաւորելու եկած էին Ս. Գրիգոր Նարեկացի Եկեղեցւոյ ծուխի անդամները եւ մանուկներ` գլխաւորութեամբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր մատակարար Բրշ. Տ. Արտակ Սրկ. Խաչիկեանի: Աղ ու հացի օրհնութենէն ետք` Ամենայն Հայոց Հայրապետը ապրեցաւ շատ յուզիչ պահ մը` երբ մանուկներէն մէկուն անմեղ շրթներէն լսուեցաւ հետեւեալ խօսքը. «Աստուած Պապան մեզի եկած է»: Վեհափառ Հայրապետը ողջագուրեց բոլոր մանուկները եւ ճամբայ ելաւ դէպի պանդոկ:
Հանդիպում պատանիներու եւ երիտասարդներու հետ
Յետ միջօրէի ժամը 4:00-ին Գլիվլընտի Ս. Գրիգոր Նարեկացի Եկեղեցւոյ սրահին մէջ` Ամենայն Հայոց Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի եւ Հայ Դպրոցի աշակերտներուն« ինչպէս նաեւ Կրտսեր Երիտասարդաց Կազմակերպութեան անդամներուն հետ: Գործադրուեցաւ յայտագիր:
Ժամը 5:00-ին` երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին` Նորին Սրբութեան ուղղուեցան զանազան հարցումներ« զորս ունկնդրեց համբերութեամբ եւ անոնց տուաւ համոզիչ պատասխաններ:
Հրաշափառի արարողութիւն
Ժամը 6:30-ին` տեղի ունեցաւ Հրաշափառի արարողութիւն Ս. Գրիգոր Նարեկացի Եկեղեցւոյ մէջ« ուր համախմբուած էին հոծ թիւով հաւատացեալներ: Արարողութեան ընթացքին` Ամենայն Հայոց Հայրապետը Իր պատգամին մէջ ըսաւ. «. . . Մեր յորդորն ու պատգամն է սիրելիներ` որ արժանաւոր զաւակները լինէք այս երկրին« հպարտ քաղաքացիները. այդպէս է որ պիտի կարողանաք դուք ձեր օժանդակութիւնը բերել Հայրենիքին« այդպէս է որ դուք պիտի կարողանաք ձեր նպաստը բերել ազգին« շէնացնել ձեր ազգային կեանքը: Գիտեմ, որ դուք Աստուածոյ հաւատարին ժողովուրդ էք եղել եւ նաեւ երախտագէտ ժողովուրդ այն երկրներին, ովքեր ձեզ յարկ են տուել« հիւրընկալել« եւ ձեր կեանքը վերստին կազմակերպելու հնարաւորութիւն ստեղծել»:
Ապա« Նորին Սրբութիւնը սրբապատկեր մը նուիրեց եկեղեցւոյ« եւ Հայրապետական Կոնդակ ու շքանշան` եկեղեցւոյ երկարամեայ անդամ Մոնա Գարօղլանեանի« որ իր ժամանակն ու կարողութիւնները անսակարկ կերպով նուիրաբերած է Ս. Գրիգոր Նարեկացի Եկեղեցւոյ:
Սէնաթըր Լաս Մէյսընը Օհայոյի նահանգապետի անունով ողջոյնի պաշտօնագիր յանձնեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին:
Ընդունելութիւն ի պատիւ Ամենայն Հայոց Հայրապետին
Երեկոյեան ժամը 7:30-ին ընդունելութիւն մը կազմակերպուած էր ի պատիւ Ամենայն Հայոց Հայրապետին: Ամերիկեան եւ Հայկական օրհներգներու կատարումէն ետք` բացման խօսքը կատարեց Ս. Գրիգոր Նարեկացի Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Տոքթ. Արշաւիր Անտոնեան: Շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ Հովուապետական Այցելութեան Յանձնախումբի ատենապետուհի Մոնա Գարօղլանեան: Խօսք առաւ նաեւ Եկեղեցւոյ հոգեւոր մատակարար Բրշ. Արտակ Սրկ. Խաչիկեան: Իր սրտի խօսքը ըսաւ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Եզրաս Եպս. Ներսիսեան: Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան իր խօսքը աւարտեց հրաւիրելով Ամենայն Հայոց Հայրապետը` որպէս զի Իր պատգամը տայ:
Նորին Սրբութիւնը ի մէջ այլոց ըսաւ. «Հայոց կեանքի հորիզոնի վրայ նոր արեւածագ է« նոր ուժգնութեամբ է ճառագայթում յոյսի ու հաւատի լոյսը մեր կեանքի վրայ. մենք այս ժամանակի օրհնեալ զաւակներն ենք« որ առաւելաբար պարտք ունենք մեր հայրենիքի այդ լոյսը« մեր հայրենիքի ապագային հաւատքը առաւել զօրացնելու« ամրացնելու« աննահանջ դարձնելու« անդառնալի դարձնելու: Այսօր Հայաստանն ազատ է« անկախ է« Արցախը ազատագրուած է. հակառակ բոլոր դժուարութիւններին մենք տեսնում ենք զարգացումը« յառաջընթացը մեր կեանքին: Տարիներ առաջ ցուրտ ու մութ օրերին, երբ հայորդիք թողնում էին Հայաստանը« այսօր հակառակն է. հայորդիք վերադառնում են հայրենի երկիր« գալիս են իրենց տունը կառուցելու` մեր հայրենի սրբազան հողում: Նորոգւում են դպրոցներ« բացւում են ճանապարհներ« գեղեցկանում է Երեւանը« բարւօքւում է Հայ անհատի կեանքը` յոյսով« հաւատով« լաւատեսութեամբ լեցուած»:
Ընդունելութիւնը աւարտեցաւ Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութեամբ եւ բոլոր ներկաներուն կողմէ երգուած Տէրունական Աղօթքով:
Երեքշաբթի Հոկտեմբեր 23« 2007
Առաւօտեան ժամը 11:00-ին` Ս. Գրիգոր Նարեկացի Եկեղեցւոյ ծխականները անհամբեր կը սպասէին Ամենայն Հայոց Հայրապետին« որ Եկեղեցւոյ բակին մէջ մշտադալար ծառի օրհնութենէն ետք` տնօրհնէքի արարողութիւն կատարեց Եկեղեցւոյ սրահին մէջ եւ Իր հրաժեշտի խօսքը ըսաւ Գլիվլընտէն մեկնելէն առաջ:
Ժամանում Միլուոքի (Ուիսքանսըն)
Ամենայն Հայոց Հայրապետը Իր շքախումբով Միլուոքիի օդանաւակայանը ժամանեց Երեքշաբթի Հոկտեմբեր 23« յետ միջօրէի ժամը 1:30-ին: Օդանաւակայան իրենց Հայրապետը դիմաւորելու եկած էին շրջանի հայկական ծուխերու ներկայացուցիչներ« ինչպէս նաեւ Կաթոլիկ Առաջնորդարանի ներկայացուցիչը:
Նորին Սրբութիւնը Իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ ինքնաշարժով ուղղուեցաւ դէպի Սէյնթ Ֆրանսիս Սէմինըրի« ուր Միլուոքիի Կաթոլիկ Առաջնորդարանի Արքեպիսկոպոս Թիմըթի Տոլըն ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր` միջ-եկեղեցական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Ամենայն Հայոց Հայրապետը Իր շնորհակալութեան խօսքին մէջ ըսաւ. «Ուրախ եմ որ գտնուելով Միացեալ Նահանգներ հովուապետական այցով եւ ջերմօրէն ողջունուելով եւ ընդունուելով ինչպէս մեր ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակների կողմից« բայց նաեւ մեր քոյր եկեղեցիների եւ տարբեր կրօնների ներկայացուցիչներու կողմից« որ մեզ անհուն ուրախութիւն« մխիթարութիւն եւ խանդավառութիւն է պարգեւում: Գիտենք որ դա թերեւս ամերիկեան կեանքի մի բնորոշ յատկանիշն ու դրսեւորումն է` բայց մենք դիտարկում են նաեւ որպէս մեր ժողովուրդի անդամագրումը ամերիկեան ժողովրդի կեանքի մէջ ամբողջականօրէն ու լիարժէքօրէն: Ուրախ ենք որ մեր ժողովուրդի զաւակունք միասին աշխատում են« միասին աղօթում են« միասին տքնում են ի սէր այս երկրի եւ ի փառս Աստուծոյ»: Իր խօսքի աւարտին` Նորին Սրբութիւնը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն բերած լանջախաչ մը նուիրեց Գերշ. Տ. Թիմըթի Արք. Տոլընի: Փոխադարձ ողջագուրումներէ ետք` Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ տուաւ եւ մեկնեցաւ դէպի Ռէյսինի (Ուիսքանսըն) Սիէնա Կեդրոնը« ուր հանդիպում ունեցաւ շրջանի հայ Եկեղեցիներու Ծխական Խորհուրդներու ատենապետներուն եւ անդամներուն« Հայ Վարժարաններու ուսուցիչներուն« Երիտասարդաց Կազմակերպութեանց եւ Տիկնանց Միութեանց անդամներուն հետ: Այս հանդիպումի ընթացքին խորհրդակցութեան նիւթ եղան ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցին հետաքրքրող հարցեր:
Հրաշափառի արարողութիւն Ռէյսինի Ս. Մեսրոպ Եկեղեցւոյ մէջ
Երեկոյեան ժամը 7:00-ին` Հրաշափառի արարողութեամբ Ամենայն Հայոց Հայրապետը մուտք գործեց Ռէյսինի Ս. Մեսրոպ Եկեղեցին« ուր իր Հովուապետին կը սպասէր հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան որդիական սիրով ողջունեց Ամենայն Հայոց Հայրապետը ըսելով. «Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին համար բացառիկ ուրախութեան առիթ է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հովուապետական այցելութիւնը` երբ բոլորս Հիւսիսէն-Հարաւ« Արեւելքէն-Արեւմտուտք կը վայելենք ներկայութիւնը մեր սիրելի Հայրապետին` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի: "Հովուական այցելութիւն` հաւատքը տուն բերող" կարգախօսն է այցելութեանը Նորին Սրբութեան« որ որպէս բարի հովիւ` Ամենայն Հայոց Հայրապետը կ
’այցելէ մեր թեմի մեծ ու փոքր ծուխերը` ցոյց տալու համար իր հոգածութիւնն ու սէրը Իր հօտին հանդէպ« Իրեն հետ բերելով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի օրհնութիւնները եւ ողջոյնները մեր հայրենի քոյրերուն եւ եղբայրներուն»: Ամենայն Հայոց Հայրապետը այս անգամ Իր պատգամը տուաւ Անգլերէն լեզուով` ըսելով. «Փառք կու տամ Աստուծոյ որ Իմ ժողովուրդս կը շարունակէ ապրիլ որպէս արժանաւոր զաւակները Քրիստոսի. մեր հաւատքը մեր մորթի գոյնին վերածուած է« այս է պատճառը որ երբ կ’ըսենք «հայ»` կը հասկնանք «քրիստոնեայ»: Հայը միայն կրնայ ըլլալ այն անձը, որ կ’երկրպագէ Աստուծոյ« որ կը փառաւորէ զԱստուած: Հայը քրիստոնեայ է« եւ այդ քրիստոնէական հաւատքը որ ունինք Աստուծոյ հանդէպ ազատած է մեզ ամէն տեսակի վտանգներէ: Աստուծոյ սիրոյն համար մենք նահատակուեցանք« Աստուծոյ սիրոյն համար Գողգոթա բարձրացանք` սակայն միշտ յարութեան հաւատքով« որովհետեւ մենք երբեք չհեռացանք մեր Տիրոջմէ« եւ Տէրը երբեք մեզ առանձին չձգեց մեր տառապանքին մէջ: Յարութիւնը ընկերակցած է մեր ժողովուրդին պատմութեան ընթացքին. յարութիւնը այս եկեղեցին է` որ ձեր հայրերը կառուցած են« եւ ուր դուք կ’աղօթէք առ Աստուած: Պահեցէք ձեր հաւատքը առկայծ եւ բարի գործեր կատարեցէք ձեր հաւատքին ընդմէջէն»:Պատգամի աւարտին` Նորին Սրբութիւնը սրբանկար մը նուիրեց Ս. Մեսրոպ Եկեղեցւոյ եւ լանջախաչ մը` Եկեղեցւոյ հովիւ Արժշ. Տ. Եփրեմ Ա. Քհնյ. Գըլըճեանին:
Եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ ներկայ հաւատացեալները առիթը ունեցան անձնապէս մօտենալու Ամենայն Հայոց Հայրապետին« համբուրելու Անոր Աջը եւ նկարուելու Անոր հետ: